Սանտըրլենտի 21 տարեկանէն վար խումբը 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Ասթոն Վիլայի հետ` «Փրիմիեր Լիկ 2»-ի (21 տարեկանէն վար) 6-րդ հանգրուանին գծով:
Ասթոն Վիլա 3-1 արդիւնքով կը յառաջանար, բայց հայազգի Ֆին Կերակուսեան կոլ մը նշանակեց, եւ աւելի ուշ Սանտըրլենտը կոլ մը եւս նշանակեց փենալթիէ զսպուած գնդակէ մը` նշանակելով 3-3-ի կոլը:
Ասիկա 17 տարեկան Կերակուսեանի առաջին կոլն էր այս տարեշրջանին. ան Հայաստանի 21 տարեկանէն վար ազգային խումբին ալ մաս կը կազմէ:
Շաբաթ մը առաջ Կերակուսեան կոլ մը եւս նշանակեց ի նպաստ Սանտըրլենտի` 18 տարեկանէն վար խումբին հետ: