Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի իր մրցումին, ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը 71-62 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անդրանիկը, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնի դաշտին վրայ:
Առաջին մասին 8 կէտով ետ մնալէ ետք, ՀՄԸՄ հետզհետէ ինքզինք գտաւ եւ կիսախաղի դադար մտաւ 31-41 արդիւնքով յառաջացած: Բ. կիսախաղին պատկերը գրեթէ անփոփոխ էր, մանաւանդ որ ՀՄԸՄ իր 12 մարզիկներէն 11-ը դաշտ ներկայացուց:
5 մարզիկներ 10-է աւելի կէտեր նշանակեցին: Թայլըր պէյ (17 կէտ), Ճորտըն Սթիվընզ (16 կէտ), Կապրիէլ Աճէմեան (12 կէտ), Խալիտ Թոմաս (12 կէտ) եւ Այզաք Այյուպի (11 կէտ) նշանակեցին: ՀՄԸՄ-ի մնացեալ կէտերը նշանակեց Ահմետ Իպրահիմ, որ մօտ 10 վայրկեան խաղցաւ: Այզաք Այյուպի տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ, մինչ Ճիօ Մանուկեան իր կարգին մասնակցեցաւ 1 վայրկեան:






