Այս տարեշրջանը լաւ սկսաւ Սան Անթոնիօ Սփըրզ, որ 118-107 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պրուքլին Նեթցը, «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն:
Վիքթոր Ուեմպանեամա 31 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Պրուքլինի մարզիկ Քեմ Թոմաս 40 կէտ նշանակեց:
Պոսթըն Սելթիքս իր յաջորդական 3-րդ պարտութիւնը կրեց` 119-113 արդիւնքով պարտուելով Տիթրոյիթ Փիսթընզէն: Ճէյլըն Պրաուն 41 կէտ նշանակեց, բայց բաւարար չէր: Տիթրոյիթի մարզիկ Ճէյլըն Տիւրըն 24 կէտ եւ 18 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Ինտիանա Փէյսըրզ 110-114 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզէն: Ան կրեց իր 3-րդ յաջորդական պարտութիւնը: Ճուլիըս Ռենտըլ 31 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մինեսոթայի, որուն աստղը` Անթոնի Էտուըրտծ, վիրաւորուեցաւ 3-րդ վայրկեանին:
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 127-120 արդիւնքով յաղթեց Սաքրամենթօ Քինկզին, առանց Լուքա Տոնչիչի, որ մօտ 1 շաբաթ պիտի բացակայի Լէյքըրզի ելոյթներէն` իր մատն ու ոտքը վիրաւորելուն պատճառով: Օսթըն Ռիվզ 51 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց` արձանագրելով տապըլ-տապըլ: 1 էսիսթ եւս եւ ան թրիփըլ տապըլ կրնար իրագործել:
Տալաս Մեւրիքս իր առաջին յաղթանակը արձանագրեց` 139-129 արդիւնքով յաղթելով Թորոնթօ Ռեփթըրզին: Անթոնի Տէյվիս 25 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Տալասի, մինչ Սքոթի Պարնզ 33 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Թորոնթոյի:


