«Չեմփիընզ լիկ»-ի 3-րդ հանգրուանի երկրորդ օրուան մրցումներուն մասնաւոր անակնկալներ չարձանագրուեցան, ուր Ռէալ Մատրիտ, Լիվըրփուլ, Պայերն Միւնիխ եւ Չելսի սպասուած արդիւնքներ արձանագրեցին:
Ուշադրութիւնը ամէնէն աւելի կեդրոնացաւ Սպանիոյ վրայ, ուր Աթլեթիքօ Պիլպաօ իր առաջին կէտերը ձեռք ձգեց` 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ազրպէյճանի Քարապաղ խումբը:
Հանդիպումին նկատմամբ ուշադրութիւնը միայն արդիւնքին չէր սահմանափակուած, այլեւ «պասքեր»-ու ակումբի համակիրներուն ժեսթով: Արդարեւ, համակիրները Հայաստանի եւ Արցախի ի նպաստ պաստառներ պատրաստած էին` Ազրպէյճանը դատապարտելով:
Մրցումէն առաջ նոյնիսկ հանդիպում մը տեղի ունեցած էր` «Ո՛չ Ազրպէյճանի վարչակարգին երես ճերմկցնելուն» կարգախօսով: Հանդիպումը կազմակերպած էին համակիրներու «Ինյիկօ քապաքաս հերրի հարմայլա» եւ «Աւքափենա» միաւորումները:
Ելոյթ ունեցողները խօսած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապի արմատներուն մասին` յիշատակելով Մոնթէ Մելքոնեանը, դատապարտած են մարզական խաղերու օգտագործումը` քարոզչական նպատակներով եւ յայտնած են համերաշխութիւն` Արցախի ժողովուրդին: Պասքերու լեզուով բարձրացուած պաստառներուն վրայ համակիրները իրենց բողոքը արտայայտած էին Պաքուի քաղաքականութեան դէմ եւ ընդգծած իրենց աջակցութիւնը` Հայաստանին:
«Պասքերու ազգը միշտ Հայաստանի կողքին է: Թէ՛ ապրիլ 24-ը, թէ՛ հոկտեմբեր 22-ն»:
«Դէ՛մ ենք գերազգայնականութեան: Պիլպաոն կ՛ըսէ` ո՛չ ազրպէյճանական գերազգայնականութեան: Կեցցէ՛ ազատ Արցախը»:
«Դադրեցուցէ՛ք ազգայնական ուղեղալուացքը: Ազատութի՛ւն Արցախին»: Այսպիսով, այս հանդիպումը դարձաւ ոչ միայն ակումբի մարզական պատմութեան կարեւոր էջ, այլ նաեւ համակիրներու քաղաքացիական դիրքորոշման դրսեւորում:
Վերադառնալով մրցումին, Լէոնարտօ Անտրատէ նշանակեց առաջին վայրկեանին` ի նպաստ Քարապաղի, որուն երեք կոլերով պատասխանեց Պիլպաօ, շնորհիւ Կուրուսեթայի (2) եւ Նաւարոյի:
Ստորեւ արդիւնքները.
Սփորթինկ Լիզպոն – Մարսէյ 2-1
Ռէալ Մատրիտ – Եուվենթուս 1-0
Մոնաքօ – Թոթենհամ 0-0
Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ – Լիվըրփուլ 1-5
Չելսի – Այաքս Ամսթերտամ 5-1
Պայերն Միւնիխ – Ֆ. Ք. Պրիւժ 4-0
Աթլեթիք Պիլպաօ – Քարապաղ 3-1
Կալաթասարայ – Պորօ Կլիմթ 3-1
Աթալանթա – Սլաւիա Փրակա 0-0


