«Լա լիկա»-ի 10-րդ հանգրուանի կարեւորագոյն մրցումին, Ռէալ Մատրիտ 5 անգամ ձախողելէ ետք վերջապէս կրցաւ յաղթել Պարսելոնային` «Էլ-Քլասիքօ» մրցումին:
Մրցումը լարուած էր եւ հետաքրքրական: 12-րդ վայրկեանին Քիլիան Էմպափէ գեղեցիկ կոլ մը նշանակեց, բայց «ՎԱՐ» չվաւերացուց զայն, քանի որ ֆրանսացի յառաջապահը քանի մը սանթիմեթրով օֆսայտ էր… Ռէալ Մատրիտ շարունակեց իր յարձակումները եւ 10 վայրկեան ետք, Ճուտ Պելինկհամի փոխանցումէն ետք, այս անգամ Էմպափէի կոլը «մաքուր» էր:
38-րդ վայրկեանին Քաթալոնիոյ ակումբը կրցաւ հաւասարեցնել արդիւնքը, երբ Մարքուս Ռաշֆորտի փոխանցումէն ետք Ֆերմին Լոփես նշանակեց Պարսայի հաւասարութեան կոլը:
5 վայրկեան ետք, այս անգամ Էտեր Միլիթաոյի փոխանցումէն օգտուելով, Պելինկհամ նշանակեց Ռէալ Մատրիտի 2-րդ կոլը:
Բ. կիսախաղին առիթները շարունակուեցան, մինչ 52-րդ վայրկեանին Պարսելոնայի բերդապահ Վոյցեխ Չեզնի ձախ ձեռքով զսպեց Էմպափէի ուժգին փենալթին:
Առիթները շարունակուեցան երկուստեք, բայց պէտք է նշել, որ Լամին Եամալ բաւական «լուռ» մրցում մը ունեցաւ եւ կարծէք բացակայ էր:
Կորսուած վայրկեաններուն Փետրի կարմիր քարտ ստացաւ (երկրորդ տեղին քարտը) եւ մրցումին արդիւնքը մնաց անփոփոխ:
Ռէալ Մատրիտ այժմ 5 կէտի առաւելութիւն ունի Պարսելոնայի վրայ եւ կը գրաւէ «լա լիկա»-ի առաջին դիրքը:


