Կազմակերպութեամբ «Հոլիտէյ Պիչ»-ի, այսօր` ուրբաթ, 20 յուլիսին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին կը սկսի պիչ-վոլիպոլի (2×2) միջազգային մրցաշարքը, Զուք Մոսպեհի անոր մարզահամալիրին մէջ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին:
Անիկա կ՛աւարտի կիրակի, 22 յուլիսին, երբ տեղի կ՛ունենան կիսաւարտականի եւ աւարտականի ճակատումները:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տղոց 18 խումբեր, որոնք եկած են Իտալիայէն, Ռուսիայէն, Գերմանիայէն, Օմանէն եւ Սուրիայէն: Կան նաեւ լիբանանեան կազմեր:
Իսկ աղջկանց մրցաշարքին կը մասնակցին 9 խումբեր` Յունաստանէն, Իտալիայէն, Գերմանիայէն, Ռուսիայէն եւ Լիբանանէն:
Մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` ներկայութեամբ «Հոլիտէյ Պիչ» մարզահամալիրի ընդհանուր տնօրէն Սապա Մախլուֆի եւ մասնակցող խումբերու ներկայացուցիչներուն:
Նշենք, որ մրցաշարքին իրաւարարները պիտի ըլլան Ժորժ Սաապ եւ Ճոնի Լաքիս, որոնք միջազգային իրաւարարի կոչում ունին:



