Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող Նըժմէ պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ 2018-2019 տարեշրջանին նախօրեակին, խումբին միացած առաջին նորեկ ֆութպոլիստը հանդիսացաւ յառաջապահ Մոհամետ Քահուր:
19 տարեկան ֆութպոլիստը մաս կը կազմէր Իսլահ Պըրժ Շիմալիի:
Յայտնենք, որ Նըժմէի մարզիչն է թունուզցի Թարեք Ժարայա:
ԱՅԼ ԳԵՏՆԻ վրայ, Ախա Ահլի Ալէյ յայտարարեց, թէ իր կազմին միացուցած է երիտասարդ բերդապահ Հիւսէյն Մատին (1997-ի ծնունդ):