Եուվենթուսի նորեկ Քրիսթիանօ Ռոնալտոն շատ հաւանաբար իր նոր կազմին հետ առաջին անգամ ըլլալով դաշտ ներկայանայ 12 օգոստոսին, ակումբին երիտասարդական խումբին հետ աւանդական բարեկամական մրցումին ընթացքին:
«Ի. Էս. Փի. Էն.» կը յայտնէ, որ թէեւ ան փորձերու սկսաւ իր խումբին հետ, սակայն ան եւ բոլոր անոնք, որոնք մասնակցեցան 2018-ի մոնտիալին, ակումբին մնացեալ ֆութպոլիստներուն հետ չմեկնեցան Միացեալ Նահանգներ` այդտեղ յատուկ բանակում եւ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ կատարելու:
Ան, ինչպէս նաեւ ուրիշներ, մնացին Իտալիա` պատրաստուելու համար նոր տարեշրջանին:



