Լիբանանի պիչ-ֆութպոլի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի նորաստեղծ խումբը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի մրցակիցները պիտի ըլլան յաջորդաբար Պէյրութ, Թապաք-Թանպահ, Քֆարմելքի, Շապապ Ժընահ:
Բոլոր մրցումներն ալ տեղի պիտի ունենան Ռամլեթ Պայտայի մէջ:
Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը, որ Պէյրութի դէմ կատարեց իր առաջին մրցումը, կրեց 8-2 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Սակայն հակառակ ասոր ՀՄԸՄ-ի կազմը ունեցաւ բաւական տպաւորիչ ելոյթ, մանաւանդ որ խումբը նոր մուտք կը գործէ պիչ-ֆութպոլի աշխարհ:
Ասկէ բացի, ՀՄԸՄ-էն բացակայեցան շարք մը մարզիկներ, այլապէս խումբը կրնար աւելի լաւ արդիւնք ձեռք ձգել:
ՀՄԸՄ իր յաջորդ մրցումը կը կատարէ, վաղը` շաբաթ, 21 յուլիսին, երբ երեկոյեան ժամը 18:00-ին կը մրցի Թապաք – Թանպահ խումբին դէմ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ Ռամլեթ Պայտա եւ քաջալերել իրենց կազմը:



