Իտալական մամուլը երէկ հաղորդեց, որ Եուվենթուս, մերժեց Չելսիի առաջարկը, որ կը վերաբերի յառաջապահ Կոնզալօ Հիկուայինի եւ յետսապահ Տանիելէ Ռուկայինի փոխանցման:
Վերոնշեալ երկու մարզիկները իր կազմին միացնելու համար լոնտոնեան ակումբը կ՛ուզէ վճարել 90 միլիոն եւրօ, բայց Եուվէ կը պահանջէ 100 միլիոն եւրօ, Հիկուայինի համար` 60 միլիոն, իսկ Ռուկայինի համար` 40 միլիոն:
Հիկուային կ՛ուզէ լքել իր կազմը, որովհետեւ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի ժամանումէն ետք կը կարծէ, թէ դուրս պիտի մնայ հիմնական կազմէն, մինչ երկրորդը ընդհանրապէս նկատի չ՛առնուիր իր մարզիչին` Մասիմիլիանօ Ալեկրիի կողմէ:



