Սպանիոյ մէջ սկսաւ «Սիճես» միջազգային հեղինակաւոր մրցաշարքը, որուն կը մասնակցին 41 երկիրներու 183 վարպետներ, որոնց շարքին են հռչակաւոր գրոսմայսթըրներ Վասիլի Իվանչուք, Տմիթրի Անտրէյքին, Էռեստօ Ինարքիեւ, Քրիշնան Սաշիքիրան:
Մրցաշարքին մէջ Հայաստանը կը ներկայացնեն գրոսմայսթըրներ Մանուէլ Պետրոսեան, Վահէ Պաղտասարեան եւ միջազգային վարպետ Տիգրան Յարութիւնեան:
Մրցաշարքի առաջին հանգրուանին հայ երեք մասնակիցներն ալ յաղթանակներ տօնեցին:


