Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Քասլիքի իր ակումբին մէջ կատարեց իր մարզիկներուն մրցանակաբաշխութիւնը, որոնք 2018-ին տիրացան տարբեր տեսակի մրցանակներու:
Պարգեւատրուեցան նաեւ ակումբին հովանաւորող ընկերութիւնները, որոնք տարուան ամբողջ տեւողութեան օժանդակեցին ակումբին եւ անոր մարզիկներուն կողքին եղան, որպէսզի անոնք կարենան այդ յաջողութիւններուն հասնիլ:



