Նախանցեալ օր Արսենալ – Քարաբաղ Ֆ. Ք. «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով տեղի ունեցած մրցումին ընթացքին, Արցախի Հանրապետութեան դրօշով դաշտ ներխուժած համակիրը երէկ ազատ արձակուեցաւ:
Լոնտոնի «Էմիրեյթց» մարզադաշտին ապահովութեան հսկող տարրերը հայ համակիրը անմիջապէս հեռացուցած էին դաշտէն` առանց որեւէ հարց ստեղծուելու իրարու միջեւ:
Նշուեցաւ, որ Սպարտակ անունով համակիրին դէմ ոչ մէկ պատժական տնօրինում պիտի կատարուի:
 
			


