Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ալվարօ Մորաթթա վաճառքի հանեց իր բնակարանը, ուր իր բացակայութեան զինուած գողեր կողոպուտի ենթարկած էին իր ընտանիքը:
Այդ կողոպուտը տեղի ունեցած է 7 յունիսին, երբ Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան ան իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ զտումի մրցում մը կը կատարէր վերոնշեալ մրցաշարքին շարքին գծով:
Անոր բնակարանին մէջ եղած են անոր կինը, երկու զաւակները եւ սպասուհին:
Գողերը զէնքի սպառնալիքի տակ կողոպտած են արժէքաւոր զարդեր եւ առարկաներ:
Անոր բնակարանը կը գնահատուի 4 միլիոն եւրոյով: