Պաշտօնական յայտարարութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Աթլեթիզմի միջազգային ֆետերասիոնը պիտի փոխէ իր անունը եւ լոկոն:
Անիկա պիտի կոչուի «Ուորլտ Աթլեթիքս»:
Այս փոփոխութիւնները տեղի պիտի ունենան 2019-ին կատարուելիք աշխարհի ախոյեանութենէն ետք, որ տեղի պիտի ունենայ 27 սեպտեմբերէն 6 հոկտեմբեր, Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ: