Այնպէս կը թուի, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ այդքան ալ դիւրութեամբ մտադիր չէ բաժնուելու իր ֆութպոլիստէն` Փոլ Փոկպայէն:
Ըստ անգլիական «Տը Միրըր»-ի, անգլիական ակումբը Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութեան յայտնած է, որ եթէ կ՛ուզեն ձեռք ձգել 26 տարեկան ֆրանսացին, անոր համար պէտք է վճարեն 150 միլիոն սթերլինկ:
Եունայթըտի հետ Փոլ Փոկպայի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2021-ին, բայց անոր կազմը այդ պայմանագրութիւնը կրնայ մէկ տարիով երկարաձգել:
«Փրեմիեր լիկ»-ի աւարտած ախոյեանութեան, Փոկպա ընդհանրապէս կը քննադատուէր խումբին համակիրներուն կողմէ: