Հայաստանի ֆութպոլի 18 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքի մը, 5-8-րդ դիրքի մրցումին 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Տաճիկիստանի դէմ:
Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցած մրցումներուն, Հայաստան կրեց երեք պարտութիւն` Արժանթինէն, Իրանէն եւ Ռուսիայէն (երեքն ալ` 2-0 արդիւնքով):
ՖՈՒԹՊՈԼԻ միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ, Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ մրցեցաւ Մոլտովայի իր հասակակիցներուն դէմ, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Ռուդիկ Մկրտչեան (39-րդ` փենալթիով):