Երէկ յետմիջօրէին Նըժմէի դաշտին վրայ իր աւարտին հասաւ ֆութպոլի «Ֆորթին Քափ»-ի մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենար առաջին անգամ ըլլալով:
Երէկուան վերջին մրցումին, թէեւ Նըժմէ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Շապապ Սահելէն, սակայն տիրացաւ տիտղոսին` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 6 կէտ: Սահել ունեցաւ 4 կէտ:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Հիւսէյն Հայտար (71-րդ):
Աւարտին յաղթական կազմը` Նըժմէ, ստացաւ իր տիտղոսը: