«Եւրօ-լիկա»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 23-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Պարսելոնա, որ հիւրը եղաւ Վալենսիային, արձանագրեց քիչ մը դժուար յաղթանակ մը, այդ ալ` կէտի մը տարբերութեամբ` 76-75 արդիւնքով:
Հակառակ անոր որ Վալենսիա նախքան չորրորդ քորթըրը սկսիլը ունէր 13 կէտի առաւելութիւն մը, սակայն Պարսելոնա կերտեց յաղթանակը` պազըր պիթըրով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Պարսելոնա բարձրացաւ երկրորդ դիրք` շրջանցելով Ռէալ Մատրիտը: