Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի վերսկսելիք ախոյեանութեան, հայկական խումբեր կը շարունակեն իրենց հաւաքները արտասահմանի մէջ:
Փիւնիկ Երեւան իր երկրորդ ուսումնամարզական հաւաքը եւս (6-20 փետրուար) պիտի կատարէ Թուրքիոյ մէջ: Այդ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Պելեք քաղաքին մէջ: Նկատի առնուած են բարեկամական շարք մը մրցումներ:



