Կիրակի, 4 դեկտեմբերին, 2022-ի մոնտիալի 1/16 փուլի շրջագիծին մէջ տեղի ունեցաւ Անգլիոյ եւ Սենեկալի միջեւ մրցումը: Անգլիա 3-0 արդիւնքով յաղթեց Սենեկալին: Մրցումը տեղի ունեցաւ «Պայթ» միջազգային մարզադաշտին վրայ, 65.985 մարզասէրներու ներկայութեան:
Սենեկալի խումբը Անգլիոյ բերդին վրայ առաջին յարձակումին նախաձեռնողը եղաւ, սակայն Անգլիոյ բերդապահը յաջողեցաւ գնդակը հեռացնել: Այնուհետեւ Սենեկալի խաղացողները իրաւարարէն պահանջեցին տուգանային հարուած, երբ գնդակը Անգլիոյ քառակուսիին մէջ պաշտպան Ճոն Սթոնզի ձեռքին դպաւ, բայց օգնական երիզի իրաւարարը ստուգելէ ետք մերժեց Սենեկալի խաղացողներուն առաջարկը: 39-րդ վայրկեանին, Ճորտըն Հանտերսըն բացումը կատարեց Անգլիոյ կոլերուն` Պուքայօ Սաքայի կողմնակի կոլային փոխանցումով: Նախքան առաջին կիսախաղի աւարտը, Ժուտ Պելինկհամ նախաձեռնեց հակայարձակումի մը եւ գնդակը փոխանցեց Ֆիլ Ֆոտենի, որ իր կարգին գնդակը ուղղեց Հարի Քէյնին: Վերջինս արձանագրեց Անգլիոյ երկրորդ կոլը` 45+3 վայրկեանին:
Այս կոլը Հարի Քէյնի 52-րդ կոլն է Անգլիոյ հաւաքականի տարազով: Անգլիոյ պատմութեան մէջ ամէնէն շատ կոլ նշանակողը եղած է Ուայն Ռունին, որ յաջողած է 53 կոլ արձանագրել: Երկրորդ կիսախաղի 57-րդ վայրկեանին, Ֆիլ Ֆոտեն անձնական ճիգով մը յառաջացաւ ձախ կողմէն եւ գնդակը փոխանցեց Պուքայօ Սաքային: Վերջինս թեթեւ հարուածով մը գնդակը ուղղեց Սենեկալի բերդապահ Մենտիի բերդը:
Մրցումը շարունակուեցաւ մեղմ ընթացքով մը: Անգլիոյ խաղացողները իրենց ճիգը խնայեցին յաջորդ մրցումին` Ֆրանսայի դէմ, 10 դեկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 9:00-ին:


