Մոնտիալ 2022 ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներու շրջագիծին մէջ Պրազիլ տպաւորիչ յաղթանակով դուրս եկաւ Հարաւային Քորէայի դէմ մրցումէն եւ հասաւ քառորդ եզրափակիչ, ուր պիտի մրցի Խրուաթիոյ հետ:
Պրազիլցիները ցուցադրեցին դիտարժան ֆութպոլ եւ արդէն առաջին խաղակիսուն ապահովեցին յաղթանակը` 4 կոլ արձանագրելով:
7-րդ վայրկեանին կոլերու բացումը կատարեց Վինիսիուս Ժունիըրը: 13-րդ վայրկեանին քորէացի խաղացող Ուու Ճոն Եոնկ Հարաւային Քորէայի քառակուսիին մէջ խախտեց կանոնները պրազիլցի խաղցող Ռիչարլիսընի հետ, եւ իրաւարարը նշանակեց տուգանային հարուած, որ ստանձնեց Նէյմարը եւ արձանագրեց Պրազիլի երկրորդ կոլը: Այս կոլը Նէյմարի 76-րդ կոլն էր Պրազիլի տարազով: Պրազիլի պատմութեան մէջ ամէնէն շատ կոլ նշանակողը եղած է Փելէն, որ յաջողած է 77 կոլ արձանագրել:
17-րդ վայրկեանին Պրազիլի բերդը ստացաւ Մոնտիալ 2022-ի առաջին հարուածը, մրցաշարքի ընթացքին ոչ մէկ խումբ կրցած էր «անհանգստացնել» Պրազիլի բերդապահ Ալիսոնը:
29-րդ վայրկեանին պրազիլցիներու տպաւորիչ խմբային ճիգերը եզրափակեց Ռիչարլիսընը, որ արձանագրեց երրորդ կոլը: Անկէ 7 վայրկեան ետք, Լուքաս Փաքեթան արձանագրեց Պրազիլի 4-րդ կոլը:
Երկրորդ խաղակիսուն Պրազիլի խումբը մեղմացուց իր խաղաոճը: Պրազիլի մարզիչ Թիթէն 63-81-րդ վայրկեաններու ընթացքին կատարեց 5 փոփոխութիւններ` հանգստանալու կարելիութիւն տալով Միլիթաոուին, Տանիլոյին, Վինիսիուսին, բերդապահ Ալիսոնին եւ Նէյմարին: 76-րդ վայրկեանին Հարաւային Քորէայի խաղացող Սիւնկ Հօ Փայք արձանագրեց իր խումբին առաջին եւ միակ կոլը:
Նշենք, որ 80-րդ վայրկեանին Ալիսոնը փոխարինեց պրազիլիական Փալմէյրասի 34-ամեայ բերդապահ Ուեվերթոնը, որ Պրազիլի միակ խաղացողն էր, որ խաղաժամ չէր ստացած Մոնտիալ-2022-ին: Սա Պրազիլի պատմութեան առաջին խումբն է, որ աշխարհի ախոյեանութեան խաղադաշտ դուրս կը բերէ յայտացուցակի մէջ գտնուող բոլոր` 26 խաղացողները:


