Երկուշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2022-ի կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, «Աղբալեան – ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին մէջ պասքեթպոլի Լիբանանի տղոց ախոյեանութեան Ա. դասակարգի 8-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ ՀՄԸՄ պիտի մրցի Պիպլոսի դէմ:
Համակիրներուն համար ապահովուած են փոխադրամիջոցներ, որոնք կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին զանոնք պիտի փոխադրեն Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն:


