82 տարեկան Փելէն քանի մը օր առաջ տեղափոխուած է Սան Փաուլոյի «Ալպերթ Այնշթայն» հիւանդանոց: Մինչ այդ, ան ենթարկուած է քիմիական բուժման, որ սակայն ապարդիւն եղած է: Փելէ մարմնի տարբեր մասերու քաղցկեղ ունի:
3 դեկտեմբերին Փելէ իր Ինսթակրամի էջին վրայ գրած է. «Ընկերնե՛ր, կ՛ուզեմ բոլորը հանգստացնել` ուժեղ եմ, լիայոյս եւ կը շարունակեմ հետեւիլ բուժման: Շնորհակալ եմ բժշկական ամբողջ կազմի խնամքին համար: Կը հաւատամ Աստուծոյ, եւ ամբողջ աշխարհէն ինծի ուղղուած նամակները լաւատեսութիւն կը ներշնչեն: Կը դիտեմ Պրազիլի հաւաքականին ելոյթները: Շնորհակալ եմ ամէն բանի համար»:
Ֆութպոլիստին ընտանիքը եւս այսօր հաստատած է, որ ան հիւանդ է, սակայն կ՛ապաքինի. «Ան ծեր է ու հիւանդ, բայց կը վերադառնայ տուն: Կը շարունակէ պայքարիլ հիւանդութեան դէմ, վիճակը կայուն է», ըսած են ֆութպոլիստին դուստրերը` Ֆլաւիա եւ Քելի Նասկիմենտուները: