«Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 8 մարտին տեղի կ՛ունենայ բաւական հետաքրքրական եւ զօրաւոր ճակատում մը, որուն ընթացքին Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանը Պայէրն Միւնիխ կը հիւրընկալէ Ֆրանսայի ախոյեան` Փարիզ Սեն Ժերմենը:
Գերմանիոյ մէջ տեղի ունենալիք այսօրուան այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Նշենք, որ նոյն ժամուն Թոթենհամ կը հիւրընկալէ Ա. Սէ. Միլանը:
Սեն Ժերմեն, որ երթին իր դաշտին վրայ կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը, իր ամէն կարելին պիտի ընէ նուազագոյնը երկու կոլ նշանակելու` մրցաշարքը կարենալ շարունակելու համար:
Ասիկա թէեւ կը նկատուի քիչ մը դժուար առաքելութիւն մը, սակայն կլոր գնդակի աշխարհին մէջ անկարելի ոչինչ կայ:
«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի կողմէ այս մրցումին իրաւարար նշանակուեցաւ իտալացի Տանիելէ Օրսաթօ:
2020-ին նոյն այս մրցաշարքին գծով ան սուլեց նաեւ Պայէրն Միւնիխ-Փարիզ Սեն Ժերմեն աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին գերմանական կազմը արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նշենք, որ Պայէրն Միւնիխի նման երթի մրցումին 1-0 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրած է նաեւ Ա. Սէ. Միլան:


