Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, Աթլեթիքօ Մատրիտի այժմու գլխաւոր մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէ շատ հաւանաբար գլխաւորէ Ինթեր Միլանը:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, միլանեան կազմի այժմու մարզիչ Սիմոնէ Ինցակի կրնայ հեռանալ խումբէն, եթէ ակումբը այս տարեշրջանի աւարտին Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան առաջին չորսին մէջ դիրք մը չգրաւէ եւ չապահովէ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին իր տոմսը:
Ներկայիս Ինթեր կը գրաւէ դասաւորման 2-րդ դիրքը` 15 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքը գրաւող Նափոլիէն: