Պայէրն Միւնիխի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր, որ 2022-ի Մոնտիալէն ետք դահուկարշաւի մրցում կատարելու ընթացքին կոտրած էր իր ոտքը, ի վերջոյ վերսկսաւ իր փորձերուն, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Իր ստացած վէրքին պատճառով, Նէօյըրի համար արդէն իսկ 2022-2023 տարեշրջանը աւարտած է, թէեւ կարգ մը լրատուամիջոցներ կը յայտնեն, որ ան շատ հաւանաբար այս տարեշրջանին աւարտէն առաջ ան դարձեալ դաշտ ներկայանայ:
Նշենք, որ անոր գործող պայմանագրութիւնը երկրին ֆութպոլի ախոյեանին հետ նախատեսուած է մինչեւ 2024-ի ամառը: