Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Նափոլի, որ հիւրընկալեց Լացիօ Ռոման, անկէ կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Անոր կրած այս պարտութենէն օգտուեցաւ անոր անմիջական մրցակիցը` Ինթեր Միլան, որ 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Լեչէին, այժմ 15 կէտով ետ կը մնայ անկէ:
Ինթերի առաջին կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան (29-րդ):
Ա. էս. Ռոմա, որ հիւրընկալեց Եուվենթուսը, անոր դէմ արձանագրեց նուազագոյն արդիւնքով յաղթանակ մը:
Սակայն երկրին գործող ախոյեանը` Ա. Սէ. Միլան, 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ֆիորենթինայի դաշտին վրայ:


