Մարզական

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Ռիատի – Սաժես 5-րդ Ճակատումը

Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի – Սաժես 5-րդ Ճակատումը

Այսօր վճռական օր կրնայ ըլլալ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան աւարտականին, ուր Ռիատի Մանարայի «Սաէպ Սալամ»-ի անուան մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Սաժեսը: 4 նախկին ճակատումներուն իրենց դաշտերուն վրայ խաղցող խումբերը կրցած էին յաղթել, սակայն այսօր կրնայ այդ մէկը փոխուիլ: Ուրբաթ գիշեր 2-րդ ճակատումին, Լիբանանի լաւագոյն մարզիկ Ուաէլ Արաքժիի ծունկի ետեւի կապերը փրթած էին, եւ ան կիսատ լքած էր մրցումը: Ատիկա բաւական...

Ճատրակ.  Ռոպերթ Յովհաննիսեան Շահեցաւ «Տոլ Օփըն 2026» Մրցաշարքը

Ճատրակ. Ռոպերթ Յովհաննիսեան Շահեցաւ «Տոլ Օփըն 2026» Մրցաշարքը

Հայ մեծ վարպետ Ռոպերթ Յովհաննիսեան Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած «Տոլ օփըն 2026» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին տիտղոսակիր դարձաւ: Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականի անդամներ Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան այս մրցաշարքին ոչ մէկ պարտութիւն կրեցին եւ կարելի 9 կէտերէն 7,5 կէտեր շահեցան` բաժնեկցելով առաջին երկու դիրքերը: Մրցաշարքի տիտղոսը վճռուեցաւ արագ ճատրակի թայ-պրէյքով, ուր 2-0 արդիւնքով յաղթեց Յովհաննիսեան:

«Չեմփիընզ Լիկ».  Արարատ Արմենիա Հասաւ Գ. Հանգրուան

«Չեմփիընզ Լիկ». Արարատ Արմենիա Հասաւ Գ. Հանգրուան

Արարատ Արմենիա հասաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի զտումի Գ. հանգրուան` դուրս ձգելէ ետք իրլանտացի Շեմրոք Ռովըրզը` 3-2 մրցումներու արդիւնքով: Երթին Երեւանի մէջ 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք, Արարատ Արմենիա 2-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Տապլինի մէջ, բայց հասաւ մէկ կոլի առաւելութեամբ: Գ. հանգրուանին Արարատ Արմենիայի մրցակիցը պիտի ըլլայ Սլովենիոյ Ցելիէ խումբը, որ փենալթիներով դուրս ձգեց Ալպանիոյ Էկնաթիա ակումբը: Երկու մրցումներն...

Ըմբշամարտ. Ջանէս Նազարեան Հասաւ Ոսկի Մետալի Մրցումին. Արարատ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Ըմբշամարտ. Ջանէս Նազարեան Հասաւ Ոսկի Մետալի Մրցումին. Արարատ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Պաքուի մէջ սկսած աշխարհի ըմբշամարտի պատանիներու (17 տարեկանէն վար) ախոյեանութիւնը արդէն իսկ սկսած է, ընթացք առած են յունահռոմէական ըմբշամարտի մրցումները: Առաջին երկու օրերու մրցումներուն հիմամբ, Հայաստան 1 պրոնզ մետալ կրցաւ շահիլ` շնորհիւ Արարատ Սերոբեանի (48 քկ), մինչ Ջանէս Նազարեան 71 կշիռի մրցումներու աւարտական հասաւ եւ ոսկի մետալի մրցում պիտի կատարէ ռուս Ասլան Ձույեւի դէմ: Ստորեւ հայ ըմբիշներուն արդիւնքները` առաջին 2...

21 Տարեկան Մարք Գէորգեան  Միացաւ Միւնիխ 1860-ի

21 Տարեկան Մարք Գէորգեան Միացաւ Միւնիխ 1860-ի

21 տարեկան հայ յետսապահ Մարք Գէորգեան փորձառական շրջան կ՛անցընէ Միւնիխ 1860 ակումբին հետ, որ նոր տարեշրջանին մաս պիտի կազմէ Պաւարիա նահանգի ախոյեանութեան` Գերմանիոյ Դ. դասակարգին մէջ: Նախապէս նոյն ակումբին մաս կազմած է նաեւ Մարքի երկուորեակ եղբայրը` Մայք Գէորգեան: Աջ ծայրի յետսապահը նախորդ տարեշրջանը անցուցած էր Հանովըր 96-ի երկրորդ խումբին հետ, նոյնպէս Դ. դասակարգին մէջ: Գէորգեան Հանովըրի հետ երկու տարեշրջան խաղցած...

Սիտնի Լոփես Քապրալի Կոլը  Ընտրուեցաւ Մոնտիալի Լաւագոյն Կոլը

Սիտնի Լոփես Քապրալի Կոլը Ընտրուեցաւ Մոնտիալի Լաւագոյն Կոլը

Քափէ Վերտէ, որ անմոռանալի Մոնտիալ մը ունեցած էր, այլ ձեւով շարունակեց փայլիլ, երբ իր մարզիկներէն Սիտնի Լոփես Քապրալի կոլը ընտրուեցաւ 2026-ի Մոնտիալի լաւագոյնը: Քապրալի կոլը` Արժանթինի դէմ, անմոռանալի տեսարան մըն էր, երբ ափրիկեան խումբը առաջին անգամ ըլլալով հասնելէ ետք Մոնտիալին, կրցած էր հասնիլ փլէյ-օֆի: Իր կոլը եղած էր հաւասարութեան կոլը 2022-ի ախոյեանին դէմ, երկարաձգման ընթացքին, Մայեմիի դաշտին վրայ: Քափէ Վերտէ...

Մոնտիալի Հերոսներէն Վոզինիա Միացաւ Քոլօ Քոլոյին

Մոնտիալի Հերոսներէն Վոզինիա Միացաւ Քոլօ Քոլոյին

Քափէ Վերտէի 40 տարեկան բերդապահ Վոզինիա դարձաւ Չիլիի Քոլօ Քոլօ խումբի ֆութպոլիստ: Մոնտիալի տպաւորիչ ելոյթներէն ետք ան կնքեց իր ասպարէզի ամէնէն «սուղ» պայմանագիրը: 2026-ի Մոնտիալի գլխաւոր հերոսներէն մէկուն պատմութիւնը կը շարունակուի: Վոզինիա, որ տակաւին վերջերս կը խաղար Փորթուգալի Բ. դասակարգի խումբերէն Շաւեշի հետ, պայմանագրութիւն ստորագրեց Չիլիի ամէնէն շատ տիտղոսներ շահած Քոլօ Քոլոյի հետ: Մեքսիքական «Ռեքորտ» պարբերականին տուեալներով, իր նոր ակումբին...

Ռանոս Իր Առաջին Կոլը  Նշանակեց Թեներիֆէի Հետ

Ռանոս Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց Թեներիֆէի Հետ

17 յուլիսին Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոս պաշտօնապէս փոխած էր իր ակումբը: 22 տարեկան ֆութպոլիստը Պորուսիա Մէօնշընկլատպախը լքելով միացած էր Սպանիոյ Բ. դասակարգի Թեներիֆէ կղզիի ակումբին: Քանի մը օր առաջ, ան փորձ-մրցումի մը ընթացքին կրցաւ իր առաջին կոլը նշանակել Մարինօ խումբին դէմ` բարեկամական մրցումի մը ընթացքին: Ռանոս դաշտ ներկայացած էր հիմնական կազմէն եւ նշանակած առաջին կիսախաղի միակ կոլը: Բ....

Ֆութսալ.  Շուէտ Եւ Հունգարիա Պիտի Մրցին Հայաստանի Դէմ

Ֆութսալ. Շուէտ Եւ Հունգարիա Պիտի Մրցին Հայաստանի Դէմ

2028-ի աշխարհի ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն գծով, Հայաստանի ֆութսալի ազգային խումբը պիտի մրցի Շուէտի եւ Հունգարիոյ դէմ: Եւրոպայի գօտիի առաջին կարգի առաջին խմբակին գծով, Հայաստանի հաւաքականը յառաջիկայ 20 հոկտեմբերին պիտի սկսի իր զտումի մրցումները: Զտումի մրցումները կ՛աւարտին 3 մարտ 2027-ին, երբ Հունգարիա հիւրընկալէ Հայաստանը: Զտումի մրցումներու հիմնական փուլին պիտի մասնակցին 36 հաւաքականներ, որոնք բաժնուած են 12 խմբակներու` 3-ական խումբերով: Խմբակներու...

Փիրլոյի Նշանակումը Ձախողեցաւ…

Փիրլոյի Նշանակումը Ձախողեցաւ…

Անտրէա Փիրլոյի նշանակումը` Իտալիոյ ազգային խումբի մարզիչ, վերածուեցաւ իսկական քաղաքական լուրջ խնդիրի: Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ճիովաննի Մալակօ որոշեց ժամանակաւորապէս կասեցնել 47 տարեկան մասնագէտին նշանակման գործընթացը: Երկուշաբթի օր պիտի յայտարարուէր Փիրլոյի պաշտօնական նշանակումը, բայց որովհետեւ Փիրլօ, որ այժմ Տուպայի Եունայթըտ խումբին հետ կապեր ունի, ծանուցումներ կը կատարէ ռուսական գրաւի ընկերութեան հաշուոյն` իր նախկին խմբակից Մարքօ Մաթերացիի հետ, ֆութպոլը քաղաքականութեան «խառնուեցաւ»,...

Արսենալ Պատրա՞ստ Է Ռէալ Մատրիտէն  Վինիսիուսը Ձեռք Ձգելու

Արսենալ Պատրա՞ստ Է Ռէալ Մատրիտէն Վինիսիուսը Ձեռք Ձգելու

«Փրեմիեր լիկ»-ի տարեշրջանի նախօրեակին, ըստ երեւոյթին ախոյեան Արսենալ կ՛ուզէ աւելի եւս զօրացնել իր յառաջապահ գիծը, հակառակ անոր որ Վիքթոր Եոքերեշ լաւ ձեւով սկսած էր անցեալ եղանակը: Շուէտացի յառաջապահը 14 կոլ կրցած էր նշանակել իր առաջին տարեշրջանին, առնուազն 7 կոլ աւելի իր խմբակիցներէն` օգնելով լոնտոնեան հիւսիսի խումբին, որ շահի իր առաջին «Փրեմիեր լիկ»-ի տիտղոսը 22 տարի ետք: Բոլոր ճակատներուն վրայ ան...

Պարտքերու Մէջ «Խեղդուած» Նասր  Եկամուտներու Նոր Աղբիւր Կը Փնտռէ

Պարտքերու Մէջ «Խեղդուած» Նասր Եկամուտներու Նոր Աղբիւր Կը Փնտռէ

Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեան Նասր, որուն մաս կը կազմէ փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, նիւթական լուրջ ճգնաժամի առջեւ կը գտնուի: Ակումբը փոխանցումներու շուկային մէջ բան չի կրնար ընել, մանաւանդ որ մօտ 187 միլիոն եւրօ պարտք ունի: Սէուտական Արաբիոյ Պետական ներդրումային հիմնադրամին («Փի. Այ. Էֆ.») մաս կազմող Նասրը պիտի փորձէ կա՛մ նոր հովանաւորներ գտնել, կա՛մ իր սեփական եկամուտները աւելցնել, այլապէս յառաջիկայ տարեշրջանին գծով...

59 Տարեկան Միուրա Կոլ Նշանակեց

59 Տարեկան Միուրա Կոլ Նշանակեց

59 տարեկան ճափոնցի ֆութպոլիստ Քազույոշի Միուրա իր առաջին կոլը նշանակեց պաշտօնական մրցումի մը ընթացքին գրեթէ 4 տարի ետք: Միուրա կոլ նշանակեց Ֆուքուշիմա Եունայթըտի հետ, կայսերական բաժակի զտումի մրցումներուն գծով, Իվաքի Ֆուրուքաուայի դէմ մրցումին (7-0): Միուրա, որ 59 տարեկան եւ 149 օրական էր կոլ նշանակած օրը, վազեց մեծ քառակուսի եւ էսիսթը կոլի վերածեց 52-րդ վայրկեանին` Ֆուքուշիմայի կոլերու հաշիւը բարձրացնելով 5-ի: Ան...

Հրաձգութիւն.  Հայաստանի Հաւաքականը Գրաւեց Առաջին Դիրքը

Հրաձգութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը Գրաւեց Առաջին Դիրքը

Հայաստանի հրաձգութեան հաւաքականը գրաւեց «Այ. Էս. Էս. Էֆ.»-ի աշխարհի ախոյեանութեան խմբային ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը: Շարժող թիրախի աշխարհի ախոյեանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալինի մէջ, եղաւ մեծ մասամբ հայ հրաձիգներու տիրապետութեամբ: Հայաստանի հաւաքականը նուաճեց 5 ոսկի, մէկ արծաթ եւ 3 պրոնզ մետալներ: Որովհետեւ աւելի ոսկի մետալներ շահեցաւ, Հայաստան 9 ընդհանուր մետալներով գրաւեց առաջին դիրքը` իր ետին ձգելով Ֆինլանտան, որ...

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Էրիք Ռուշանեան Իր 5-րդ Յաջորդական  Յաղթանակը Արձանագրեց

«Էմ. Էմ. Էյ.» Էրիք Ռուշանեան Իր 5-րդ Յաջորդական Յաղթանակը Արձանագրեց

Խառն մենամարտերու հայ մարզիկ Էրիք Ռուշանեան կը շարունակէ իր յաղթանակներու շարքը` արհեստավարժ ասպարէզին մէջ: Լեհաստանի Մենձիվոձէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Պապիլոն Էմ. Էմ. Էյ. 59» մրցաշարքին, Ռուշանեանի մրցակիցը լեհ Ֆիլիփ Եարոցքին էր: Հայ մարզիկը իր մենամարտը աւարտեց 3-րդ ռաունտին` խեղդող հնարքով ստիպելով մրցակիցին, որ յանձնուի: Այս յաղթանակով Ռուշանեան իր անյաղթ կարգավիճակը կրցաւ պահել` արհեստավարժ մրցանիշը հասցնելով 5-ի, մինչ Եարոցքի 5...

Նիկոլաս Կալուկեան Կը Փայլի Քարոլայնա Քոր Ակումբին Հետ

Նիկոլաս Կալուկեան Կը Փայլի Քարոլայնա Քոր Ակումբին Հետ

Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Նիկոլաս Կալուկեան իր առաջին ելոյթը ունեցաւ «Էմ. Էլ. Էս. Նեքսթ Փրօ» լիկային մաս կազմող Քարոլայնա Քոր խումբին հետ եւ Ինթեր Մայեմի Բ. խումբին դէմ կրցաւ փայլիլ: Ուրարտուի նախկին ֆութպոլիստը նախ փենալթիով նշանակեց Քարոլայնայի առաջին կոլը, ապա Էսիսթ մը տուաւ երրորդ կոլի ժամանակ: Քարոլայնա Քոր 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնած է Ինթեր Մայեմին: Կալուկեան, որ Ուրարտուի հետ...

«Մոնտիալին Կասկածելի Բաներ Եղան»  Կ՛ըսէ Քոփենհակընի Խմբակը

«Մոնտիալին Կասկածելի Բաներ Եղան» Կ՛ըսէ Քոփենհակընի Խմբակը

Եւրոպայի դատական մարմինին մաս կազմող «Քոփենհակընի խմբակ» անունով միջազգային փաստաբաններու խորհրդակցական խումբ մը, որուն գործն է հետապնդել մարզախաղերու ընթացքը, ինչպէս նաեւ մրցումներու պահուն կատարուող գրաւներու ընթացքը: Ըստ այս խմբակին, ՖԻՖԱ-ի կազմակերպած 104 մրցումներուն ընթացքին 15 մրցումներ տեղի ունեցած են խմբակներու (առաջին հանգրուանի) վերջին մրցումներուն, որոնք վերատեսութեան պէտք է ենթարկուին: Արձանագրուած են 7 դեղին գիծի հասած զգուշացումներ, որոնք կ՛ենթադրեն, որ «կասկածելի»...

Մուրինիօ Կը Պատրաստէ Ռէալ Մատրիտը

Մուրինիօ Կը Պատրաստէ Ռէալ Մատրիտը

Անցեալ տարուան ձախողութենէն ետք, աշխարհի ամէնէն տիտղոսակիր ակումբներէն Ռէալ Մատրիտ իր հին-նոր մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի հետ լրջօրէն կը պատրաստուի: Արդէն իսկ խումբը զօրացնելու նպատակով Տենզել Տումֆրիզ (Նետերլանտներ), Մարք Քուքուրելիա, Իպրահիմա Քոնաթէ եւ Պեռնարտօ Սիլվա միացան` յաջորդաբար լքելէ ետք Ինթեր Միլանը, Չելսին, Լիվըրփուլն ու Մանչեսթըր Սիթին: Մուրինիօ բաւարարուած չէ այս փոխանցումներով եւ կ՛ուզէ ձեռք ձգել Սպանիոյ խմբապետ Ռոտրին (Մանչեսթըր Սիթիէն), Եան...

Ֆրանսայի Հեծելարշաւի Շրջավազք. Վան Տեր Փուլ Եւ Փոկաչար «Լուսաւորեցին» Փարիզը.  Փոկաչար 5-րդ Անգամ Ըլլալով Ախոյեան

Ֆրանսայի Հեծելարշաւի Շրջավազք. Վան Տեր Փուլ Եւ Փոկաչար «Լուսաւորեցին» Փարիզը. Փոկաչար 5-րդ Անգամ Ըլլալով Ախոյեան

«Թուր տը Ֆրանս»-ի 2026-ի վերջին հանգրուանի աւարտին տեղի ունեցաւ հրավառութիւն, եւ հռչակուեցան ախոյեաններ, որոնք արդէն իսկ յատուկ տեղի ունեցան այս յիշատակելի մրցաշարքին պատմութեան էջերուն մէջ: Դեղին շապիկը հագած Թատէյ Փոկաչար 5-րդ անգամ ըլլալով շահեցաւ Ֆրանսայի շրջավազքը` միանալով Ժաք Անքեթիյի (1957, 1961, 1962, 1963 եւ 1964), Էտի Մերքսի (1969, 1970, 1971, 1972 եւ 1974), Պեռնար Հինոյի (1978, 1979, 1981, 1982 եւ...

«Ֆորմիւլա 1»  Նորիս Վերջապէս Յաղթեց

«Ֆորմիւլա 1» Նորիս Վերջապէս Յաղթեց

2025-ի աշխարհի ախոյեան Լանտօ Նորիս 8 ամիս ետք վերջապէս կրցաւ «Ֆորմիւլա 1»-ի գծով կրան փրի մը շահիլ` նուաճելէ ետք Հունգարիոյ կրան փրին: Փոլ Փոզիշընէն սկսելէ ետք, Նորիս կորսնցուցած էր առաջին դիրքը ի նպաստ «Մաքլարեն»-ի խմբակից Օսքար Փիասթրիի, որ սակայն ետ մնաց «Ուիլիամս»-ի վարորդ Քարլոս Սայնցի հետ թեթեւ արկածէ մը ետք: Այդ արկածէն մինչեւ մրցումին աւարտը, Նորիս մնաց առաջին դիրքին վրայ:...

Page 23 of 1274 1 … 22 23 24 … 1,274

Արխիւներ