Այսօր վճռական օր կրնայ ըլլալ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան աւարտականին, ուր Ռիատի Մանարայի «Սաէպ Սալամ»-ի անուան մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Սաժեսը:
4 նախկին ճակատումներուն իրենց դաշտերուն վրայ խաղցող խումբերը կրցած էին յաղթել, սակայն այսօր կրնայ այդ մէկը փոխուիլ:
Ուրբաթ գիշեր 2-րդ ճակատումին, Լիբանանի լաւագոյն մարզիկ Ուաէլ Արաքժիի ծունկի ետեւի կապերը փրթած էին, եւ ան կիսատ լքած էր մրցումը: Ատիկա բաւական փոխեց ճակատումներուն հաւասարակշռութիւնը, ուր վերջին տարիներու ախոյեան Ռիատի մեծ մասամբ կը վստահէր իր փոխարինումներուն եւ յաճախ իր մարզիկները փոխելով զանոնք թէ՛ կը հանգստացնէր, թէ՛ ալ ֆաուլերու կողմէ միտքը աւելի հանգիստ կը խաղար: Առանց Արաքժիի ըսել չէ, որ Ռիատի աւելի տկար է, բայց պէտք է ընդունիլ, որ անոր բացակայութիւնը շատ աւելի ճնշում կը բանեցնէ Ալի Մանսուր-Ամիր Սէուտ զոյգին վրայ, որ շատ աւելի գործ ունի ընելիք առանց Արաքժիի:
Այլ կէտ մըն ալ կայ, որմէ կրնայ օգտուիլ Սաժես, այդ ալ Ռիատիի մարզիկներուն յառաջացած տարիքն է, Ռիատի աւելի շուտ կը յոգնեցնէ իր մարզիկները շատ աւելի երիտասարդ Սաժեսին դէմ: Բայց միւս կողմէն ալ Սաժես տարեշրջանի սկիզբէն հաւասարակշռութեան պակաս ունի, եւ շատ անգամ 12-14 կէտով յառաջանալէ ետք 2-3 վայրկեանի ընթացքին ետ կը մնայ անկայունութեան պատճառով:
Ինչպէս նշեցինք, արդիւնքը 2-2 է (մրցումներու հաշիւով), եւ այսօրուան յաղթականը կրնայ աւելի յոյս ունենալ ախոյեան դառնալու:


