Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեան Նասր, որուն մաս կը կազմէ փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, նիւթական լուրջ ճգնաժամի առջեւ կը գտնուի:
Ակումբը փոխանցումներու շուկային մէջ բան չի կրնար ընել, մանաւանդ որ մօտ 187 միլիոն եւրօ պարտք ունի:
Սէուտական Արաբիոյ Պետական ներդրումային հիմնադրամին («Փի. Այ. Էֆ.») մաս կազմող Նասրը պիտի փորձէ կա՛մ նոր հովանաւորներ գտնել, կա՛մ իր սեփական եկամուտները աւելցնել, այլապէս յառաջիկայ տարեշրջանին գծով նոր փոխանցումներ ընելը կարելի պիտի չըլլայ:
Նոր մարզիչ Անկէ Փոսթեքոկլու առայժմ առիթ պիտի չունենայ նոր մարզիկներ ձեռք ձգելու…: Վստահաբար Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի, Սատիօ Մանէի, Ժոաօ Ֆելիքսի, Քինկզլի Քոմանի եւ Մոհամետ Սիմաքանի նման աստղեր ունենալն ալ «սուղ» պիտի արժէ:
Այժմ պէտք է աշխատիլ ներկայով, այսինքն` աստղերէն մաս մը «ծախել» եւ նոյն գումարով այլ մարզիկներ բերել: Նոյնիսկ նիւթեր կան նոր հովանաւորներու կամ մինչեւ իսկ ակումբը ծախելու մասին:
Ասիկա մեծ հարց է Նասրի համար: «Փի. Այ. Էֆ.» քանի մը ակումբներ ունի Սէուտական Արաբիոյ մէջ եւ նիւթական նպաստները հաւասարապէս պէտք է բաժնէ իր ակումբներուն միջեւ: Առ այժմ քոլոմպիացի Ճոն Տիւրան այլեւս մաս չի կազմեր Նասրին եւ միացաւ Պենֆիքային` աշխատավարձքով:
Նասր նոր տարեշրջանը պիտի սկսի իբրեւ ախոյեան եւ պիտի մասնակցի Ասիոյ «Չեմփիընզ լիկ»-ին: Բայց առանց նոր աստղերու խումբը շատ հաւանաբար յաջող ելոյթ չունենայ:
Կասկածի տակ առնուած է, թէ Սէուտական «փուչիկ»-ը պիտի պայթի՞, թէ՞ ոչ: 2034-ի Մոնտիալը հիւրընկալող երկիրը անշուշտ պիտի փորձէ պահել իր երկրի ֆութպոլին մակարդակը:
Հիլալ ակումբը վերջերս ձեռք ձգեց նետերլանտցի Քրիսենսիօ Սամըրվիլը, մինչ Էդուարդ Սպերցեանին Ահլի խումբը ձեռք ձգեց նաեւ փորթուգալցի Ֆրանսիսքօ Թրինքաոն (Սփորթինկ Լիզպոնէն):


