2028-ի աշխարհի ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն գծով, Հայաստանի ֆութսալի ազգային խումբը պիտի մրցի Շուէտի եւ Հունգարիոյ դէմ:
Եւրոպայի գօտիի առաջին կարգի առաջին խմբակին գծով, Հայաստանի հաւաքականը յառաջիկայ 20 հոկտեմբերին պիտի սկսի իր զտումի մրցումները:
Զտումի մրցումները կ՛աւարտին 3 մարտ 2027-ին, երբ Հունգարիա հիւրընկալէ Հայաստանը:
Զտումի մրցումներու հիմնական փուլին պիտի մասնակցին 36 հաւաքականներ, որոնք բաժնուած են 12 խմբակներու` 3-ական խումբերով:
Խմբակներու առաջին դիրքերը գրաւող խումբերը կը հասնին աւարտական հանգրուան: Անոնց պիտի միանան Բ. դիրքը գրաւող լաւագոյն 4 խումբերը, մինչ մնացեալ 8 խումբերը (Բ. դիրքը գրաւած) պիտի մասնակցին փլէյ-օֆի մրցումներու, որոնց յաղթական 4-ը կը հասնին աւարտական հանգրուան:
Այսպիսով, Եւրոպայէն 20 խումբեր պիտի մրցին 7 տոմսերու համար: 5 խումբեր, որոնք պիտի գրաւեն իրենց խմբակներու առաջին դիրքերը, պիտի հասնին ֆութսալի Մոնտիալին, մինչ 2 տոմսերու համար խումբերը պիտի պայքարին փլէյ-օֆի դրութեամբ:
2028-ի աշխարհի ախոյեանութեան հիւրընկալ երկիրը տակաւին որոշուած չէ: Եթէ մրցաշարքը հիւրընկալէ եւրոպական երկիր մը, այդ երկիրը ինքնաբերաբար կը հասնի Մոնտիալին, մինչ զտումի ճամբով կը միանան 6 այլ խումբեր:
Աւելի կանուխ, Հայաստանի հաւաքականը պատմութեան մէջ առաջին անգամ մասնակցած էր 2026-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան եւ հասած փլէյ-օֆի հանգրուան: Այդ արդիւնքին շնորհիւ Հայաստանի ֆութսալի խումբը զտումի նախնական մրցումներ պիտի չկատարէ եւ անմիջապէս պիտի սկսի հիմնական փուլէն:


