Արարատ Արմենիա հասաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի զտումի Գ. հանգրուան` դուրս ձգելէ ետք իրլանտացի Շեմրոք Ռովըրզը` 3-2 մրցումներու արդիւնքով:
Երթին Երեւանի մէջ 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք, Արարատ Արմենիա 2-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Տապլինի մէջ, բայց հասաւ մէկ կոլի առաւելութեամբ:
Գ. հանգրուանին Արարատ Արմենիայի մրցակիցը պիտի ըլլայ Սլովենիոյ Ցելիէ խումբը, որ փենալթիներով դուրս ձգեց Ալպանիոյ Էկնաթիա ակումբը: Երկու մրցումներն ալ հաւասարութեամբ աւարտած էին (3-3 եւ 2-2):
Վերադառնալով Տապլինի մրցումին, դարձի մրցումը չափազանց դժուար էր Հայաստանի ախոյեանին համար, որ արդէն երթի մրցումին կորսնցուցած էր խմբապետ Կամօ Յովհաննիսեանը (վիրաւորուած էր):
Մրցումի առաջին 35 վայրկեաններուն արդէն իսկ իրլանտական ակումբը յաջողած էր 2 արագ կոլ նշանակել եւ մրցումներու արդիւնքը հաւասարեցուցած:
Փորթուգալցի մարզիչ Մանուէլ Թուլիփայի փոխանցումը շատ վճռական էր 72-րդ վայրկեանին, երբ Քարլոս Ֆրանսա փոխարինեց Արթուր Սերոբեանը: Հազիւ դաշտ ներկայացած, Ֆրանսա փոխանցեց Սանտրօ Լիմային, որ չափազանց կարեւոր կոլ մը նշանակեց:
Ասիկա 35 տարեկան Լիմայի 3-րդ կոլն էր «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով` վերջին երեք մրցումներուն:
Այժմ Սլովենիոյ ախոյեանին դէմ դժուար ճակատումներ տեղի պիտի ունենան, մինչ Շեմրոք Ռովըրզ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի իր արշաւը կը շարունակէ «Եուրոփա լիկ»-ին մէջ:


