Մարզական

Պարքոլայի Համար Լիվըրփուլ Պիտի Ստիպուի  Գերազանցել Անգլիական «Փրեմիեր Լիկ»-ի  Փոխանցումներու Բոլոր Նախորդ Մրցանիշները

Պարքոլայի Համար Լիվըրփուլ Պիտի Ստիպուի Գերազանցել Անգլիական «Փրեմիեր Լիկ»-ի Փոխանցումներու Բոլոր Նախորդ Մրցանիշները

Լիվըրփուլ պիտի ստիպուի սահմանել անգլիական «Փրեմիեր Լիկ»-ի փոխանցումային նոր մրցանիշ մը, եթէ իսկապէս մտադրած է իր կազմին միացնել Փարիզ Սեն Ժերմենի ֆրանսացի յարձակող Պրետլի Պարքոլան: Փարիզեան ակումբը 22-ամեայ ֆութպոլիստին արժէքը գնահատած է մօտ 145 միլիոն սթերլինկ գումար մը: Լիվըրփուլ արդէն շուրջ մէկ տարիէ ի վեր լրջօրէն կը հետաքրքրուի Պարքոլայով: Անոր անունը նախորդ ամրան ալ կապուած էր «Էնֆիլտ»-ի հետ, եւ այն...

Սանթոսի Թանգարանին Մէջ  Տեղադրուեցաւ Նէյմարի Կիսանդրին

Սանթոսի Թանգարանին Մէջ Տեղադրուեցաւ Նէյմարի Կիսանդրին

Պրազիլական Սանթոս ակումբը իր թանգարանին մէջ տեղադրեց 34-ամեայ յարձակող Նէյմարի կիսանդրին: Այս մասին հաղորդեց ակումբի մամլոյ ծառայութիւնը: Նէյմար, ընկերային ցանցերու իր էջին վրայ, կիսանդրիին քով լուսանկար մը հրապարակելով գրեց. «Ինծի համար մեծ պատիւ մըն է Սանթոսի պատմութեան մէկ մասը կազմելը: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ, ընտանիքիս եւ բոլոր երկրպագուներուս, որոնք առաջին օրէն իսկ զիս սատարած են: Միասին ապրեցանք յիշարժան ու լուսաւոր...

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ – Ֆ. Ք. Պէյրութ 9-1

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Ֆ. Ք. Պէյրութ 9-1

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի խումբը երէկ Ահտի դաշտին վրայ 9-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Ֆ. Ք. Պէյրութը: Անցեալ մրցումին թեթեւօրէն վիրաւոր ըլլալով Հայտար Հայտար դաշտ ներկայացած էր Բ. կիսախաղին եւ կոլ մը նշանակած, իսկ երէկ Հայտար կրցաւ 4 կոլեր նշանակել` դառնալով մրցումին լաւագոյն մարզիկներէն: Օմար Հուսարի, որ անցեալ մրցումին 2 կոլ նշանակած էր, կրցաւ 15-րդ վայրկեանին փոխանցել Հայտարին, որ բացաւ մրցումին հաշիւը:...

Ինֆանթինոյի Ծրագիրը Ձախողեցաւ

Ինֆանթինոյի Ծրագիրը Ձախողեցաւ

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Քոնքաքաֆ»-ի (Հիւսիսային եւ Կեդրոնական Ամերիկայի ֆութպոլի ֆետերասիոն) պոյքոթի զգուշացումներէն ետք, «Էյ. Էֆ. Սի.»-ն (Ասիոյ ֆետերասիոն) իր կարգին միացաւ եւ դէմ քուէարկեց ՖԻՖԱ-ի ծրագիրին, որ Մոնտիալը կազմակերպելու նախաձեռնութիւնը պիտի յանձնէր խմբակի մը` պարզապէս աւելի նիւթական եկամուտներ հայթայթելու համար խումբերուն, առանց հաշուի առնելու մրցումներու դադարներու ժամանակն ու ծանուցումներու թիւը: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի 55 անդամները, «Քոնքաքաֆ»-ի 41 անդամները,...

Ֆրանքօ Պարեզի Ոչ Եւս Է

Ֆրանքօ Պարեզի Ոչ Եւս Է

Իտալական եւ համաշխարհային ֆութպոլի պատմութեան լաւագոյն յետսապահներէն Ֆրանքօ Պարեզի 66 տարեկանին մահացաւ: Մահուան պաշտօնական պատճառը չհաղորդուեցաւ, բայց ան անցեալ տարուան օգոստոսին Թոքի վերաբուժութիւն ունեցած էր եւ ամիսներէ ի վեր կը բուժուէր քաղցկեղի մասնագէտներու հսկողութեամբ: Անոր վերջին հրապարակային ելոյթը տեղի ունեցած էր անցեալ փետրուարին, Միլան-Քորթինա ձմեռնային ողիմպիականի խաղերու բացման արարողութեան, երբ Ա. Սէ. Միլանի Պարեզին իր նախկին մրցակից Ինթեր Միլանի Ճիուզեփէ...

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ-Ֆ. Ք. Պէյրութ

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ-Ֆ. Ք. Պէյրութ

Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի Պէյրութի շրջանի ախոյեանութեան 2-րդ շաբթուան մրցումներուն գծով, վաղը յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի մրցի Ֆ. Ք. Պէյրութի դէմ, Ահտի դաշտին վրայ: Իր առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Պէյրութ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնած էր Նուժումը` բոլորին կեդրոնացումը իր վրայ դարձնելով: ՀՄԸՄ Պէյրութ շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ, ան բաւական լաւ ֆութպոլ կը կիրարկէ եւ ըստ երեւոյթին լրջօրէն Գ....

Պասքեթպոլ.  Այսօր Պասքեթպոլի Քաջալերական Մրցումներ

Պասքեթպոլ. Այսօր Պասքեթպոլի Քաջալերական Մրցումներ

Այսօր յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, նախկին Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի պասքեթպոլի վերանորոգուած դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ տղոց եւ աղջկանց պասքեթպոլի 3x3 մրցումներ, 3 հոգինոց խումբերով: Տղոց խումբերը պիտի ըլլան մինչեւ 15 տարեկան, մինչ աղջկանց խումբերը պիտի ըլլան մինչեւ 18 տարեկան: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմակերպած քաջալերական այս մրցաշարքը կը հովանաւորէ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, մրցաշարքը վստահաբար պիտի ըլլայ ձեւով...

Աթլեթիզմ. Զուլալ Պեզճեան` Եօթնամարտի Լիբանանի Ախոյեան. Նիզակ Արձակելու Մրցանիշ Մը Եւս

Աթլեթիզմ. Զուլալ Պեզճեան` Եօթնամարտի Լիբանանի Ախոյեան. Նիզակ Արձակելու Մրցանիշ Մը Եւս

ՀՄԸՄ-ի աթլեթ Զուլալ Պեզճեան այս շաբաթ դարձաւ եօթնամարտի Լիբանանի ախոյեան (հեփթաթլոն), ինչպէս նաեւ նիզակ արձակելու մրցանիշ մը եւս ձեռք ձգեց: Նախ եօթնամարտի մրցումներուն, որ կը բաղկանայ 7 մարզաձեւերէ` արգելարշաւ, բարձրութիւն ցատկել, գունտ նետել, 200 մեթր վազք, նիզակ արձակել, մէկ քայլ ոստում, ինչպէս նաեւ 800 մեթր վազք, ՀՄԸՄ-ի մարզիկը կէտերու հաշուով առաջին դիրքը գրաւելով դարձաւ Լիբանանի ախոյեան: Ան նիզակ արձակելու մրցումին...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.».  Հայաստանէն Երկու Ներկայացուցիչ Կը Շարունակէ Իր Ճանապարհը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.». Հայաստանէն Երկու Ներկայացուցիչ Կը Շարունակէ Իր Ճանապարհը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Չեմփիընզ լիկ»-ի զտումի մրցումներուն յաջողութեամբ հասնելէ ետք Գ. հանգրուան, Արարատ Արմենիա առաջին անգամ ըլլալով հասած էր այս հանգրուանը (հայկական պատմական իրագործում)` յաղթելէ ետք Իրլանտայի ախոյեան Շեմրոք Ռովըրզին: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Քոնֆերենս լիկ»-ի Գ. հանգրուան հասաւ անցեալ տարի փայլուն արդիւնքներ արձանագրած Նոա ակումբը: Հայաստանի բաժակակիր եւ գերբաժակակիր Նոա Աբովեանի Վահագն Թումասեանի անուան մարզադաշտին վրայ կը...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Անդամները Ամբողջութեամբ Դէմ  Քուէարկեցին ՖԻՖԱ-ի Ծրագիրին

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Անդամները Ամբողջութեամբ Դէմ Քուէարկեցին ՖԻՖԱ-ի Ծրագիրին

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի 55 անդամները պոյքոթի համար քուէարկեցին ՖԻՖԱ-ի նոր ծրագիրին դէմ, ուր այս վերջինը որոշած էր նոր խմբակի մը յանձնել Մոնտիալի կազմակերպչական աշխատանքը: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն հինգշաբթի գիշերուան ժողովին հրապարակեց պաշտօնական յայտարարութիւն մը, որուն մէջ մասնաւորապէս նշուած էր. «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն եւ իր 55 ֆետերասիոններու անդամները միասին կը կանգնին: Մենք բոլոր անդամներով դէմ ենք եւ կը...

Անչելոթթի Լրջօրէն  Կ՛աշխատի Պրազիլի Համար

Անչելոթթի Լրջօրէն Կ՛աշխատի Պրազիլի Համար

Պրազիլի ազգային խումբի իտալացի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի տակաւին ինքզինք կը գտնէ անցեալ Մոնտիալի Գ. հանգրուանին Նորվեկիոյ դէմ պարտութենէն (1-2) ետք: Բայց իտալացի մասնագէտը ետեւ չ՛ուզեր նայիլ, այլ յառաջիկայ 4 տարիներու աշխատանքին անցած է: Ան լրջօրէն կը հետեւի երիտասարդ խումբերու մարզիկներուն եւ ազգային խումբի հաւաքականին համար 2028-ի Ողիմպիականի մրցումներու պարտութեան: Ան վերջերս հարցազրոյցի մը մէջ յայտնեց, որ պէտք չունի Սպանիոյ կամ...

Մայք Թայսըն Ֆութպոլի  Համակիր Է Եւ Կարծիք Ունի…

Մայք Թայսըն Ֆութպոլի Համակիր Է Եւ Կարծիք Ունի…

Բռնցքամարտի գերծանր կշիռի աշխարհի նախկին ախոյեան Մայք Թայսըն Մոնտիալի ժամանակ շատ հետաքրքրուած կը թուէր ֆութպոլով եւ նախապէս ալ ան կարծիք յայտնած էր ելոյթներուն մասին: «Տը Ռինկ» ամսագիրին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Թայսընին յիշեցուցած են, թէ ինչպէ՛ս ներկայ եղած էր վերջին Մոնտիալի աւարտականին` կրելով Մեսսիի մարզաշապիկը: Միեւնոյն ժամանակ, անցեալին ջերմ յարաբերութիւն ունեցած էր Տիեկօ Մարատոնայի հետ: Պատասխանելով հարցումի մը, թէ ո՞վ...

Ըստ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի.  Ինֆանթինօ Կ՛ուզէ Մոնտիալը «Ծախել»

Ըստ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի. Ինֆանթինօ Կ՛ուզէ Մոնտիալը «Ծախել»

ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ կ՛ուզէ Մոնտիալի իրաւունքներուն մէկ մասը վաճառել ներդրող կողմերու: Այս լուրը բաւական ցնցած է ֆութպոլի աշխարհը, մանաւանդ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն: Եւրոպայի ազգային խումբերը կրնան նոյնիսկ պոյքոթի ենթարկել Մոնտիալը, եթէ ՖԻՖԱ-ն վաճառէ մրցաշարքի իրաւունքներուն մասնաբաժինը: Ըստ «Սքայ Նիուզ»-ին, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին մաս կազմող ֆետերասիոններ այս շաբաթ արտակարգ հանդիպում պիտի ունենան: Անոնք պիտի քննարկեն Մոնտիալը պոյքոթի ենթարկելու...

Ըմբշամարտ.  Ազրպէյճանի Մէջ Հնչեց Հայաստանի Քայլերգը. Ջանէս Նազարեան` Աշխարհի Ախոյեան

Ըմբշամարտ. Ազրպէյճանի Մէջ Հնչեց Հայաստանի Քայլերգը. Ջանէս Նազարեան` Աշխարհի Ախոյեան

Հայաստանը ներկայացնող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մարտիկ Ջանէս Նազարեան ոսկի մետալ նուաճեց Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող մինչեւ 17 տարեկաններու աշխարհի ախոյեանութեան: Մինչեւ 71 քկ կշիռի աւարտականի մրցումին, Նազարեան 4-3 արդիւնքով յաղթեց ռուս ըմբիշ Ասլան Ձույեւին եւ իր ասպարէզի ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով դարձաւ աշխարհի պատանիներու ախոյեան: Հայ ըմբիշը տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ մինչեւ աւարտական` իր նախկին մրցումներուն յաղթելով ժամանակէն առաջ 34-0 ընդհանուր...

«Հայփ Էֆ. Սի.».  Արման Ծառուկեանի Տիտղոսի  Մենամարտը` Այս Շաբաթ

«Հայփ Էֆ. Սի.». Արման Ծառուկեանի Տիտղոսի Մենամարտը` Այս Շաբաթ

Վաղը Երեւանի մէջ տեղի կ՛ունենայ «Հայփ Արմինիա» մրցաշարքը, որուն գլխաւոր իրադարձութիւնը պիտի ըլլայ «Կրեփլինկ»-ի ախոյեանի տիտղոսի մենամարտը` Արման Ծառուկեանի եւ հնդիկ Անքիթ Պայանփուրիայի միջեւ: Մենամարտը տեղի պիտի ունենայ «Սապմիշըն Օնլի» կանոններով, ուր յաղթական կը հռչակուի միայն ցաւցնող կամ խեղդող հնարքով շահող մարզիկը: Մենամարտը պիտի ըլլայ ախոյեանութեան գօտիին վրայ, զոր Ծառուկեան նուաճած էր Պրազիլի մէջ տեղի ունեցած «Հայփ Էֆ. Սի.»-ի մրցաշարքին...

Զիտան Գլխաւորեց Ֆրանսան

Զիտան Գլխաւորեց Ֆրանսան

Ֆրանսայի ազգային խումբի նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ Զինետին Զիտան յայտարարեց, որ Ռէալ Մատրիտի ղեկը լքելէ ետք առանց զբաղումի մնացած չէր: Անուանի մասնագէտը նշեց, որ շարունակած է աշխուժ ձեւով հետեւիլ ֆութպոլին: «Ես հինգ տարի ձեռքերս ծալած չէի նստած: Դիտեցի շատ աւելի հանդիպումներ, քան այն ժամանակ, երբ կը մարզէի Ռէալը: Երկար հետեւեցայ Ֆրանսայի ազգային խումբին եւ կը տեսնեմ, որ խումբը հսկայական ներուժ...

Ռանիերի Փոխարինեց Մալտինին.  Մանչինի` Իտալիոյ Գլխաւոր Մարզիչ

Ռանիերի Փոխարինեց Մալտինին. Մանչինի` Իտալիոյ Գլխաւոր Մարզիչ

Փաուլօ Մալտինիի անակնկալ հրաժարականէն ետք, Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը նշանակեց Քլաուտիօ Ռանիերին` իբրեւ ազգային խումբի թեքնիք տնօրէն: 74 տարեկան Ռանիերի անմիջապէս նշանակեց Ռոպերթօ Մանչինին` իբրեւ Իտալիոյ գլխաւոր մարզիչ: Մանչինի եղած էր Իտալիոյ վերջին մարզիչը, որ գլխաւոր տիտղոս մը շահած էր` 2020-ի Եուրոն: Սակայն ձախողելէ ետք 2022-ի Մոնտիալին հասնելէ, 2023-ի օգոստոսին լքած էր իր պաշտօնը` մեկնելով Սէուտական Արաբիոյ ազգային խումբը մարզելու: Ան...

Նէյմար Լքեց Պրազիլի  Ազգային Խումբը

Նէյմար Լքեց Պրազիլի Ազգային Խումբը

Պրազիլեան ֆութպոլի պատմութեան ամէնէն վառ աստղերէն մէկը` Նէյմար, պաշտօնապէս հաստատեց ազգային խումբին հետ իր ելոյթները աւարտելու որոշումը: 34 տարեկան յառաջապահը վերջակէտ դրաւ իր միջազգային ասպարէզին` նշելով, որ իր ժամանակը «Սելեսաօ»-ի հետ աւարտած է: Հարաւային Ամերիկայի բաժակի մրցումներուն գծով Վենեզուելայի «Ու.Ս.Վ.» ակումբին դէմ 4-2 արդիւնքով յաղթանակէն ետք, Սանթոսի աստղը յուզիչ, բայց վճռական յայտարարութիւն կատարած է: «Իմ պատմութիւնս ազգային խումբին հետ մօտեցաւ...

Պրեշիա Ակումբին Պատմութիւնը  Վերջ Գտաւ 114 Տարի Ետք

Պրեշիա Ակումբին Պատմութիւնը Վերջ Գտաւ 114 Տարի Ետք

Իտալիոյ Պրեշիա ֆութպոլի ակումբը, որուն ժամանակին մաս կազմած են Ռոպերթօ Պաճիոյի, Անտրէա Փիրլոյի եւ Խոսեփ «Փեփ» Կուարտիոլա, պաշտօնապէս դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ: Ակումբի 114 տարուան պատմութիւնը աւարտեցաւ Պրեշիայի իտալական դատարանի կողմէ, որ խումբը սնանկացած ճանչցաւ: Պրեշիայի լաւագոյն նուաճումը կը մնայ «Սերի Ա.»-ի 2000-2001 տարեշրջանի 8-րդ դիրքը գրաւելը, երբ ակումբին մաս կը կազմէր «ոսկի գնդակ»-ի դափնեկիր Ռոպերթօ Պաճիօ: Նոյն պահուն, Ունիոն Պրեշիա...

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մեծ Յաղթանակով Աւարտեց Տարեշրջանը

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մեծ Յաղթանակով Աւարտեց Տարեշրջանը

Լիբանանի Գ. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան 14-րդ եւ վերջին հանգրուանին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 6-2 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց Հորր Ամելի խումբին դէմ` փակելով իր առաջին տարեշրջանը Գ. դասակարգին մէջ 1997-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով: Ալեք Ալճեան, Ուասիմ Ապտել Հատի (3) եւ Էլիաս Համուշ (2) նշանակեցին ՀՄԸՄ-ի կոլերը` ձեռք ձգելով տարեշրջանի 7-րդ յաղթանակը: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի 4-րդ դիրքին վրայ աւարտեց...

Page 22 of 1274 1 … 21 22 23 … 1,274

Արխիւներ