Մարզական

Եամալի Պատմական Մրցանիշը

Եամալի Պատմական Մրցանիշը

Պարսելոնայի աջ ծայրի յառաջապահ Լամին Եամալ Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 3-րդ հանգրուանի մրցումին ընթացքին դարձած է պատմական մրցանիշի հեղինակ: Քաթալաններու խումբին 5-2 արդիւնքով յաղթանակի պահուն (Ռայօ Վայեքանոյի դէմ), երիտասարդ ֆութպոլիստը դարձած է տուպլէի հեղինակ` անցնելով 50 կոլերու սահմանը եւ հասնելով 52 կոլերու: Եամալ դարձաւ սպանական արհեստավարժ ֆութպոլի պատմութեան ամէնէն երիտասարդ մարզիկը, որ 50 կոլերու սահմանը անցած է: Ան 19 տարեկան եւ...

«Ֆորմիւլա 1»  «Ֆեռարի» Պիտի Նշէ Շումախըրի Առաջին  Յաղթանակին 30-Ամեակը  Այս Շաբաթավերջին` Մոնցայի Մէջ

«Ֆորմիւլա 1» «Ֆեռարի» Պիտի Նշէ Շումախըրի Առաջին Յաղթանակին 30-Ամեակը Այս Շաբաթավերջին` Մոնցայի Մէջ

«Ֆորմիւլա 1»-ի Ֆեռարի իտալական խումբը այս շաբաթավերջին, պիտի նշէ գերմանացի վարորդ Միքայէլ Շումախըրի 1996-ի առաջին յաղթանակը` Իտալիոյ կրան փրիին, Մոնցայի մէջ: Այս տարի կ՛ըլլայ 30-րդ տարին, երբ 7 անգամ աշխարհի ախոյեան դարձած Շումախըր միացած էր «Ֆեռար»-ի (1996-ին), օրին 2 ախոյեանի տիտղոսով (Պենեթոնի հետ): Գերմանացի վարորդին ժամանումով, «Ֆեռար»-ի բարեփոխուեցաւ եւ ոսկի ժամանակաշրջան մը սկսաւ Մարանելլոյի շրջանի խումբին համար, ուր Շումախըր կրցաւ...

Հեծելարշաւ.  «Ծատուրեան Եղբայրներ»-ու Անուան Բաժակի Մրցումը

Հեծելարշաւ. «Ծատուրեան Եղբայրներ»-ու Անուան Բաժակի Մրցումը

Լիբանանի հեծալարշաւի ֆետերասիոնը հեծելարշաւի մրցում մը կազմակերպեց` նուիրուած Յովհաննէս եւ Վարդգէս Ծատուրեաններու յիշատակին, հովանաւորութեամբ Պրումմանայի քաղաքապետարանին, ներկայութեամբ քաղաքապետ Փիեռ Աշքարի, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամներուն եւ շրջանի թաղապետներուն, ինչպէս նաեւ Ժուրեթ Պալլութի քաղաքապետին եւ Ծատուրեան ընտանիքի անդամներուն: 55 մարզիկներ մասնակցեցան մրցումին` տարիքային տարբեր խմբաւորումներով, գեղեցիկ մարզական մթնոլորտի մէջ եւ ներկայութեամբ մեծ թիւով մարզասէրներու: 55 մասնակիցները մրցումը սկսան Նահր Մոթ-Ռումիէ շրջանի...

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Չոբանեան Յաղթեց, Բոլէեան Պարտուեցաւ

«Էմ. Էմ. Էյ.» Չոբանեան Յաղթեց, Բոլէեան Պարտուեցաւ

Քալիֆորնիոյ Քոմերս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Եու. Էն. Էֆ. 35» մրցաշարքին, թեթեւ կշիռի «Էմ. Էմ. Էյ.»- մարզիկ Ֆետիա Չոբանեան իր առաջին մենամարտը կատարեց արհեստավարժ ասպարէզին գծով եւ յաղթանակ արձանագրեց: Չոբանեան իր մենամարտը կատարեց Քայլեն Պիշովի դէմ: Ան մենամարտը կանուխ աւարտեց` յաղթելով իր մրցակիցին` խեղդող հնարքով: Նախապէս Չոբանեան կը մասնակցէր «Եու. Էն. Էֆ.»-ի կէս արհեստավարժ մրցումներուն եւ դարձած էր ախոյեան 7-1...

Թենիս.  Առնօ Աւետիսեան Շահեցաւ Լեհաստանի  Պատանեկան Միջազգային Մրցաշարքը

Թենիս. Առնօ Աւետիսեան Շահեցաւ Լեհաստանի Պատանեկան Միջազգային Մրցաշարքը

16 տարեկան հայ թենիսմեն Առնօ Աւետիսեան դարձաւ Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցած «Պոհտան Թոմաշեվսքի բաժակ 2026» միջազգային պատանեկան մրցաշարքի ախոյեան: Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անհատական յաղթանակն է այս` առաջին կարգի միջազգային պատանեկան մրցաշարքի մէջ: Մրցաշարքի աւարտականին Աւետիսեան 6-2 եւ 7-5 արդիւնքով կրցած է յաղթել լեհ Իկոր Պարթնիքին: Մրցաշարքին ընթացքին Առնօ Աւետիսեան կրցած է յաղթել 3 լեհ եւ մէկ սերպ թենիսմեններու: Աւետիսեան...

Գէորգի Յարութիւնեան  Կոլ Մը Եւս Նշանակեց

Գէորգի Յարութիւնեան Կոլ Մը Եւս Նշանակեց

Փուշքաշ Ակադեմիան Հունգարիոյ ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն 2-1 արդիւնքով պատութիւն կրեց Ֆերենցվարոշէն, սակայն մնաց դասաւորման առաջին դիրքին վրայ: Հայաստանի ազգային խումբի յետսապահ Գէորգի Յարութիւնեան հիմնական կազմին հետ սկսաւ մրցումը: 58-րդ վայրկեանին հայ ֆութպոլիստը գրաւեց Ֆերենցվարոշի բերդը` նշանակելով հաւասարութեան կոլը: Այս կոլը Յարութիւնեանի երկրորդ կոլն էր այս տարեշրջանին: Սակայն 63-րդ վայրկեանին Ֆերենցվարոշ կրցաւ նշանակել 2-րդ կոլը: 92-րդ վայրկեանին Փուշքաշ Ակադեմիան կրցաւ...

Ահլիի Համակիրները  Շատ Գոհ Են Սպիրցեանէն

Ահլիի Համակիրները Շատ Գոհ Են Սպիրցեանէն

Սէուտական Արաբիոյ Ահլի խումբի համակիրները, ըստ երեւոյթին, շատ տպաւորուած են Հայաստանի ազգային խումբի խմբապետ Էդուարդ Սպիրցեանի խաղաձեւով: Ընկերային ցանցերու էջերուն մէջ նոյնիսկ շատ անգամ անոր օրինակը կը բերուի: «Նայէ՛ Սպիրցեանին, ան կը վազէ, կը պայքարի, փրեսինկ կ՛ընէ, մեծ ծաւալի աշխատանք կը կատարէ ամբողջ դաշտին վրայ, եւ դուն կը զգաս, որ այս տղան եկած է խաղալու եւ մրցելու: Վստահաբար ասիկա կ՛ուզենք...

Լիոնել Մեսսի Լքեց  Արժանթինի Ազգային Խումբը

Լիոնել Մեսսի Լքեց Արժանթինի Ազգային Խումբը

Արժանթինի պատմական ֆութպոլիստներէն Լիոնել Մեսսի 2026-ի Մոնտիալէն ամիս մը ետք յայտարարեց, թէ լքած է Արժանթինի ազգային խումբը: Մեսսի, որ 2005-էն ի վեր մաս կը կազմէր ազգային խումբին, 207 անգամ կրած է Արժանթինի ազգային խումբին շապիկը` նշանակելով 125 կոլ, շահած է 2 «Քոփա Ամերիքա» եւ 2022-ի Մոնտիալը: «Մոնտիալի աւարտականէն եւ երկար մտածումներէ ետք բոլորին կը յայտնեմ, որ ազգային խումբէն կը հրաժարիմ:...

Լիբանանի Պատանիներու Ախոյեանութիւն.  Սօսէ Սեփեթճեան Լիբանանի Ախոյեան` Վուլվզի Հետ

Լիբանանի Պատանիներու Ախոյեանութիւն. Սօսէ Սեփեթճեան Լիբանանի Ախոյեան` Վուլվզի Հետ

Տարիներով փայլելէ ետք Աթլեթիքօ ակադեմիայի տղոց պատանիներու խումբին հետ, ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն Սօսէ Սեփեթճեան քանի մը օր առաջ շահեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կազմակերպած պատանիներու (15 տարեկանէն վար) ֆութպոլի ախոյեանութիւնը վուլվզ ակադեմիային հետ: Նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ 15 տարեկան աղջկանց խումբ չունի, Սօսէ Սեփեթճեան մասնակցեցաւ Վուլվզ խումբին հետ, որ իր կարգին պաշտօնական արտօնագիր չունենալով կ՛օգտագործէր Անդրանիկ ակումբի արտօնագիրը: Առաջին հանգրուանին Վուլվզի խմբակին...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Բաժակակիր.  Արարատ Արմենիայի Մրցումներու Ժամանակացոյցը Հրապարակուեցաւ

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Բաժակակիր. Արարատ Արմենիայի Մրցումներու Ժամանակացոյցը Հրապարակուեցաւ

Վիճակաձգութիւնները կատարելէ ետք անցեալ շաբաթավերջին, «Եու. Է. Էֆ. Ա.» հրապարակեց Եւրոպայի երեք բաժակներու մրցումներու ժամանակացոյցը: Պատմութեան մէջ անկախ Հայաստանը ներկայացնող առաջին ակումբը, որ կը մասնակցի հիմնական մրցաշարքին` Արարատ Արմենիա, իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ 16 սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ, ուր պիտի հիւրընկալէ Սփարթա Փրական: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ ժամը 19:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով): 15 հոկտեմբերին Հայաստանի ախոյեանը պիտի ճամբորդէ Լեհաստան` մրցելու համար...

Ֆութսալ.  «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Եունիսփորթն  Ու Արազ-Նախիջեւանը «Բաժնեց»

Ֆութսալ. «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Եունիսփորթն Ու Արազ-Նախիջեւանը «Բաժնեց»

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն ֆութսալի «Չեմփիընզ լիկ»-ի հիմնական փուլի կազմուածքը փոխեց, որպէսզի Եունիսփորթն ու Ազրպէյճանի Արազ-Նախիջեւան խումբերը իրար դէմ չմրցին: Եունիսփորթ սկզբունքով մաս պիտի կազմէր Ե. խմբակին, որ արդէն իսկ կ՛ընդգրկէր Ազրպէյճանի ախոյեանը, բայց որովհետեւ անկախ երկիրներ դառնալէ ի վեր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն միշտ ալ իրարմէ հեռու կը պահէր հողային (քաղաքական) հարցեր ունեցող երկիրները, որոնց կարգին` Հայաստանն ու Ազրպէյճանը,...

Ալվարես Վերսկսաւ Իր Փորձերը Աթլեթիքօ Մատրիտի Հետ

Ալվարես Վերսկսաւ Իր Փորձերը Աթլեթիքօ Մատրիտի Հետ

Կիրակի օր արժանթինցի յառաջապահ Խուլիան Ալվարես վերսկսաւ իր փորձերը Աթլեթիքօ Մատրիտի հետ: Անցեալ շաբաթ Ալվարես 3 փորձերէ բացակայած էր` նկատի ունենալով, որ ան կ՛ուզէր լքել Մատրիտի ակումբը: Խումբին ղեկավարութիւնը դէմ էր, որ ան լքէ ակումբը, եւ այդ պատճառով ալ անոր փոխանցման գինը չափազանց բարձր որոշած էր: Ակումբը դէմ չէր, որ ան մեկնի Անգլիա: Ախոյեան Արսենալի մարզիչ Միքել Արթեթա անոր հետ...

Թենիս.  Նովաք Ճոքովիչ Ցաւալի Պարտութիւն Կրեց Իր Առաջին Մրցումին

Թենիս. Նովաք Ճոքովիչ Ցաւալի Պարտութիւն Կրեց Իր Առաջին Մրցումին

Սերպ պատմական մարզիկ Նովաք Ճոքովիչ իր ասպարէզի ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով «Եու. Էս. Օփըն»-ի առաջին հանգրուանին պարտութիւն կրեց: Արդարեւ, 39 տարեկան Ճոքովիչ երեք ճակատի վրայ պայքարեցաւ` ֆիզիքական առողջական եւ արժանթինցի Մարիանօ Նավոնէի դէմ, 7-6, 5-7, 4-6, 6-2 եւ 6-1 արդիւնքով զիջելով անոր: 4 ժամ 36 վայրկեաննոց ճակատումը Ճոքովիչի ասպարէզի ամէնէն երկար տեւած բացման մրցումն էր կրան շլեմի մրցաշարքերուն գծով, ուր...

Ծանրաբարձութիւն.  Հայաստան Գրաւեց Առաջին Դիրքը

Ծանրաբարձութիւն. Հայաստան Գրաւեց Առաջին Դիրքը

Քոսովոյի մայրաքաղաք Փրիշթինայի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ծանրաբարձութեան պատանիներու Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականը յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով դարձաւ խմբային ախոյեանը: Պատանիներու հաւաքականը խմբային դասաւորման առաջին դիրքը գրաւեց, մինչ աւելի երէց պատանիները (մինչեւ 15 տարեկան) գրաւեցին 6-րդ դիրքը: Հայ մարզիկները ապահովեցին տպաւորիչ արդիւնք` նուաճելով ընդհանուր 26 մետալներ` 7 ոսկիէ, 12 արծաթէ եւ 7 պրոնզէ մետալներ: Նշենք, որ պատանիներու հաւաքականը մեկնած...

Ֆութսալ.  Եունիսփորթ Յաղթեց Գերմանիոյ  Ախոյեանին Եւ Հասաւ Հիմնական Փուլ

Ֆութսալ. Եունիսփորթ Յաղթեց Գերմանիոյ Ախոյեանին Եւ Հասաւ Հիմնական Փուլ

Հայկական ֆութսալի Եունիսփորթ ակումբը հասաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի 2026-2027 տարեշրջանի հիմնական փուլ: Երեւանի մէջ տեղի ունեցած զտումի մրցումներուն, Հայաստանի ախոյեանը իր 3-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց` 5-2 արդիւնքով յաղթելով Գերմանիոյ ախոյեան Վայլիմտորֆին: Եունիսփորթ իր երկրորդ մրցումին 14-1 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրած էր Իսլանտայի ախոյեան Ռէյքիավիքի վրայ: Հայկական խումբին նշանակած եւ ստացած կոլերու հաշիւը հասաւ 24-4-ի` երեք մրցումներու...

«Եուրոփա Լիկ».   Արարատ Արմենիա Պիտի Մրցի  Ա. Սէ. Միլանի Դէմ

«Եուրոփա Լիկ». Արարատ Արմենիա Պիտի Մրցի Ա. Սէ. Միլանի Դէմ

«Եուրոփա լիկ»-ի վիճակաձգութիւնները տեղի ունեցան Մոնաքոյի մէջ, ուր յստակացան Հայաստանի ախոյեան «Արարատ Արմենիա»-ի 8 մրցակիցները: «Չեմփիընզ լիկ»-ի պատմութեան 2-րդ լաւագոյն ակումբը (7 տիտղոս)` Ա. Սէ. Միլան, պիտի ըլայ Արարատ Արմենիայի մրցակիցներէն գլխաւորը: Բնականաբար դժուար պիտի ըլլային մրցակիցները հիմնական հանգրուանին, բայց եթէ թուղթի վրայ նայինք, այնքան ալ դժուար չեն երեւիր հայկական ակումբի մնացեալ 7 մրցակիցները: Երեւան պիտի ժամանեն Ա. Զ. Ալքմարը...

Ըմբշամարտ.  Յունահռոմէական Ոճի Հայ Ըմբիշները 4 Մետալ Նուաճեցին

Ըմբշամարտ. Յունահռոմէական Ոճի Հայ Ըմբիշները 4 Մետալ Նուաճեցին

Լեհաստանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքին յունահռոմէական ոճի հայ ըմբիշներ կրցան 4 մետալ նուաճել: «Վլատիսլաւ Փիթլասինսքի»-ի անուան 69-րդ միջազգային մրցաշարքին, Սուրէն Աղաջանեան եւ Սամուէլ Գրիգորեան ոսկի մետալներ շահեցան, Գէորգ Թադեւոսեան արծաթ մետալ նուաճեց, իսկ Հրաչեայ Պօղոսեան` պրոնզէ մետալ: Այս մրցաշարքի յունահռոմէական ոճի մրցումներուն մասնակցեցան վեց ներկայացուցիչներ: Առանց մետալի մնացին Գասպար Տէրտէրեան, որ պրոնզէ մետալի մրցումին պարտութիւն կրած էր,...

Թենիս.  Ալքարաս Կը Վերադառնայ  Երկար Բացակայութենէ Ետք

Թենիս. Ալքարաս Կը Վերադառնայ Երկար Բացակայութենէ Ետք

Այսօր կը սկսի տարուան վերջին կրան շլեմի թենիսի մրցաշարքը` «Եու. Էս. Օփըն»-ը: Նախկին թիւ 1 թենիսմեն սպանացի Քարլոս Ալքարաս այսօր պիտի ունենայ իր առաջին ելոյթը` 4 ամիսներէ աւելի հեռու մնալէ ետք թենիսէն (դաստակը վիրաւորելուն պատճառով): 23 տարեկան Ալքարաս անցեալ ապրիլի սկիզբէն վիրաւորուած էր, բայց այժմ պատրաստ կը զգայ ինքզինք: Անցեալ տարուան «Եու. Էս. Օփըն»-ի ախոյեանը պիտի փորձէ մնալ տիտղոսակիր, մանաւանդ...

Ռոնալտօ… 978

Ռոնալտօ… 978

Սէուտական Արաբիոյ «Փրօ լիկ»-ի 2026-2027 տարեշրջանի Դ. հանգրուանի իր մրցումին, ախոյեան Նասր 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թաաոնը: 11-րդ վայրկեանին Հուրայճի նշանակեց Թաաոնի անակնկալ կոլը, բայց Նասր կրցաւ հաւասարիլ Սամու Քոսթայի միջոցով` կիսախաղէն երկվայրկեաններ առաջ: Փորթուգալցի վեթերան աստղ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ 50-րդ վայրկեանին նշանակեց Նասրի երկրորդ եւ իր ասպարէզի 978-րդ կոլը: Ֆրանսացի Մոհամետ Սիմաքան դէպի բերդ կը փորձէր հարուածել, բայց գնդակը Ռոնալտոյի...

Մեսսի 927-ի Հասցուց Կոլերու Իր Հաշիւը

Մեսսի 927-ի Հասցուց Կոլերու Իր Հաշիւը

Անցեալ տարեշրջանին «Էմ. Էլ. Էս.» բաժակի մրցաշարքը շահելէ ետք, Ինթեր Մայեմի Մոնտիալէն ետք 5 մրցումներուն յաղթանակ չէր կրցած արձանագրել: Արեւելեան շրջանի դասաւորման նախավերջին դիրքը գրաւող Մոնրէալ խումբին դէմ մրցումը լաւ առիթ էր Ինթեր Մայեմիի համար, որ իր յաղթանակներու շարքին վերադառնայ, եւ այդպէս ալ եղաւ: Պրազիլի ազգային խումբի միջնապահ Քասեմիրօ, որ մոնտիալէն ետք միացած էր Ինթեր Մայեմիին, 20-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին...

Page 15 of 1274 1 … 14 15 16 … 1,274

Արխիւներ