Մարզական

Սպերցեան Կը Շարունակէ Փայլիլ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ

Սպերցեան Կը Շարունակէ Փայլիլ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ

Հայաստանի հաւաքականի միջնապահ եւ խմբապետ Էդուարդ Սպերցեան կոլ մը եւս աւելցուց Սէուտական Արաբիոյ «Փրօ լիկ»-ին մէջ, երբ Ահլի 5-րդ հանգրուանին 5-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռիատը: Ախոյեանութեան 3-րդ եւ 4-րդ մրցումներուն պարտութիւններ կրելէ ետք, Ահլիի վրայ ճնշում կար անպայման յաղթելու: 16-րդ վայրկեանէն իսկ, Այվան Թոնի փենալթիով նշանակեց Ահլիի առաջին կոլը: 43-րդ վայրկեանին Սպերցեան օդային գեղեցիկ հարուածով նշանակեց Ահլիի երկրորդ կոլը: Կիսախաղէն...

Ճիւտօ.  Հայաստան Մէկ Յաղթանակ Արձանագրեց Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Ճիւտօ. Հայաստան Մէկ Յաղթանակ Արձանագրեց Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Վերջերս Մոնթենկրոյի մայրաքաղաք Փոկտորիցայի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի երիտասարդներու (21 տարեկանէն վար) ճիւտոյի ախոյեանութիւնը: Հայաստանի հաւաքականը իր մասնակցութիւնը բերաւ այս ախոյեանութեան եւ 7 գօտեմարտներէն միայն մէկ յաղթանակ արձանագրեց: Հայկ Դարբինեան (60 քկ), Լիովա Սրապեան եւ Արշակ Բեկչեան (66 քկ), Շաւարշ Նահապետեան (60 քիլոկրամէն վար), Տիգրան Սարուխանեան (81 քկ) եւ Ժիրայր Համբարեան (73 քկ) եղան Հայաստանի ներկայացուցիչները: Մրցաշարքին մէկ յաղթանակ արձանագրեց...

«Եու. Էս. Օփըն».  Կարէն Խաչանով Հասաւ Դ. Հանգրուան

«Եու. Էս. Օփըն». Կարէն Խաչանով Հասաւ Դ. Հանգրուան

Ռուսահայ թենիսմեն Կարէն Խաչանով 6-3, 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ֆրանսացի Պենժամեն Պոնզին (թիւ 97) եւ հասաւ «Եու. Էս. Օփըն»-ի Դ. հանգրուան: Խաչանով 12 Էյս ձեռք ձգեց միայն մէկ անգամ կորսնցնելով իր սերվիսը եւ իրականացնելով 5 պրէյք-փոյնթեր: Դ. հանգրուանին Խաչանով իր դէմ պիտի ունենայ թիւ 15 թենիսմեն Լերներ Թիեն (20 տարեկան), որ 3 ժամ 28 վայրկեանի ընթացքին դուրս ձգեց...

Թենիս.  Աբոյեան Եւ Ազիզեան` Ախոյեան

Թենիս. Աբոյեան Եւ Ազիզեան` Ախոյեան

Արժանթինահայ թենիսմեն Վալերիօ Աբոյեան դարձաւ Փլովտիւի (Պուլկարիա) «Էյ. Թի. Փի. Չելենճըր» մրցաշարքի զոյգերու ախոյեան: Աւարտականին Աբոյեան-Խուան Լա Սերնա զոյգը 4-6, 7-5 եւ 10-8 արդիւնքով յաղթեցին Ատրիանօ Կենով (Պոլկարիա) - Ալեքսանտր Օվչարենքօ (Ուքրանիա) զոյգին: Հայկական ծագումով 24 տարեկան թենիսմենը անհատական մրցումներուն ալ բաւական լաւ ելոյթներ ունեցաւ եւ երեք յաղթանակներ արձանագրելէ ետք հասաւ կիսաւարտական ու պարտուեցաւ պուլկարացի Եանաքի Միլեւէն` 4-6, 7-5 եւ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Ինթեր Միլանի «Ռեմոնթատա»-ն. Պայերն Կարեւոր Կէտեր Կորսնցուց

Եւրոպական Ֆութպոլ. Ինթեր Միլանի «Ռեմոնթատա»-ն. Պայերն Կարեւոր Կէտեր Կորսնցուց

Սպանիոյ մէջ Ռէալ Մատրիտ կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` պարտուելով Պեթիսի դէմ մրցումին, Սեւիլիայի մէջ: Մեծ թիւով առիթներ կորսնցնելէ ետք, Ռէալ ամէն ինչ կրցաւ յաջողցնել բացի կոլ նշանակելէ: Նոյնիսկ 94-րդ վայրկեանի փենալթին կոլի չկրցաւ վերածել Քիլիան Էմպափէ: Գերմանիոյ մէջ Պայերն Միւնիխ նոյն ձեւի ելոյթ ունեցաւ այս տարի առաջին դասակարգ բարձրացած Շալքէի դաշտին վրայ, եւ 15 լուրջ առիթներէ ետք մրցումը վերջ...

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Սաֆա Շուէյֆաթ

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Սաֆա Շուէյֆաթ

Այսօր կը սկսի շատ կարեւոր հանգրուան մը` ՀՄԸՄ Պէյրութի համար, Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի աւարտական հանգրուանը: Արդարեւ, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Սաֆայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի մրցի Լեռնալիբանանի շրջանի երրորդ դիրքը գրաւած Սաֆա Շուէյֆաթին դէմ: 5 տարի առաջ ՀՄԸՄ Պէյրութը, որ ներկայացուցչական խումբն էր, ինկած էր Դ. դասակարգ, եւ այժմ պիտի փորձէ վերստին անցնիլ աւարտական հանգրուանը: Տղաքը պէտք է լրջօրէն...

Պասքեթպոլ.  Ուասլի Վիճակաձգութիւնները Տեղի Ունեցան

Պասքեթպոլ. Ուասլի Վիճակաձգութիւնները Տեղի Ունեցան

ՖԻՊԱ-ն վերջերս որոշած է Ուասլի պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքի «Ֆայնըլ 8»-ը կատարել Լիբանանի մէջ` 25 սեպտեմբերէն 1 հոկտեմբեր, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին վրայ: 8 խումբեր պիտի մասնակցին բաժնուելէ ետք երկու խմբակներու, իւրաքանչիւր խումբ 3 մրցումներ պիտի կատարէ, եւ խմբակներու վերջնական դասաւորումներէն ետք անոնց առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը պիտի հասնին կիսաւարտական («Ֆայնըլ 4»), իսկ յաղթականները` աւարտական: Վերջին երկու տարիներու ախոյեան Ռիատի մաս...

Ճատրակ.  7 Հայ Վարպետներ` Առաջին 100-ին Մէջ

Ճատրակ. 7 Հայ Վարպետներ` Առաջին 100-ին Մէջ

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին Սեպտեմբեր ամսուան ընդհանուր դասաւորման Հայաստան ունի 7 վարպետներ: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, տղոց դասաւորման մէջ ընդգրկուած են Հայկ Մարտիրոսեան (50-րդ դիրք), Ռոպերթ Յովհաննիսեան (77-րդ դիրք), Արամ Յակոբեան (80-րդ դիրք) եւ Շանթ Սարգսեան (95-րդ դիրք): Տղոց առաջին դիրքին վրայ կը մնայ նորվեկիացի վարպետ Մակնուս Քարլսեն: Աղջկանց դասաւորման մէջ, Հայաստան ունի 3 ներկայացուցիչ` Էլինա Դանիէլեան (61-րդ), Մարիամ Մկրտչեան (67-րդ) եւ Լիլիթ...

Բռնցքամարտ.  Նայիր Մելիքեան` Ախոյեան

Բռնցքամարտ. Նայիր Մելիքեան` Ախոյեան

Հայ բռնցքամարտիկ Նայիր Մելիքեան դարձաւ Վրաստանի «Կամմա Էֆ. Սի.» կազմակերպութեան «Պետ պոյ պելթ» ախոյեանութեան գօտիի ախոյեանը` յաղթելէ ետք առանց ձեռնոցներու մենամարտին: Տիտղոսի մենամարտին, Մելիքեանի մրցակիցը Ուզպեքիստանի ներկայացուցիչ Սամանդար Էնիպայեւն էր, Մենամարտը բաւական «տաք» էր եւ բուռն: Երկու մարզիկներն ալ բարձր մակարդակի ելոյթ ունեցան, եւ վերջնական յաղթանակին տիրացաւ Մելիքեան: Մենամարտէն ետք, հայ մարզիկը յարգանքի խօսքեր ուղղեց իր մրցակիցին` ընդգծելով մարզական փոխադարձ...

Թենիս.  Խաչանով Յաղթեց, Մոնֆիս Պարտուեցաւ

Թենիս. Խաչանով Յաղթեց, Մոնֆիս Պարտուեցաւ

«Եու. Էս. Օփըն»-ի մրցումները շարունակուեցան, եւ երէկ ռուսահայ թենիսմեն Կարէն Խաչանով, որ այժմ թիւ 50 դասուած թենիսմենն է, կրցաւ Բ. հանգրուանի իր մրցումին դուրս ձգել քանատացի թիւ 3 դասուած Ֆելիքս Օժէ-Ալիասիմը` 6-7, 6-3, 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով: Նախապէս թիւ 8 թենիսմեն Խաչանով երկար ժամանակէ ի վեր լաւ մակարդակի ելոյթ չէր ունեցած եւ 2022-ին էր, որ կրցած էր հասնիլ «Եու. Էս....

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Մրցաշարքերու  Նիւթական Պարգեւներուն.  Հայկական Խումբերը Ապահոված Են  7.6 Միլիոն Եւրօ

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Մրցաշարքերու Նիւթական Պարգեւներուն. Հայկական Խումբերը Ապահոված Են 7.6 Միլիոն Եւրօ

Ինչպէս գիտենք, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի երեք ակմբային մրցաշարքերուն զտումներուն մրցումներու մասնակցող խումբերը որոշ նիւթական պարգեւներ ստացան, եւ ըստ «Ֆութպոլ միթց Տաթա» վերլուծական հարթակի մանրամասն տուեալներուն, հրապարակուած են բոլոր ակումբներուն ստացած գումարները: Ընդհանուր առմամբ 54 երկիրներու 237 ակումբներու համար արդէն իսկ երաշխաւորուած է 2,217 միլիառ եւրօ: Ուշագրաւ է Հայաստանի ցուցանիշը: Ըստ վերլուծումներու, եւրոպական բաժակներու մասնակցած 4 ակումբները միասնաբար ապահոված են...

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Սաֆա Շուէյֆաթ

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Սաֆա Շուէյֆաթ

ՎԱՂԸ ԺԱՄԸ 16:00-ԻՆ, Սաֆայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պէյրութ իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ Դ. դասակարգի աւարտական հանգրուանի գծով` մրցելով Սաֆա Շուէյֆաթի դէմ: Լեռնալիբանանի Գ. դիրքը գրաւած մրցակիցը պէտք է շատ լուրջի առնել, որովհետեւ շատ կարեւոր է յաղթանակով սկսիլը: Ունինք ընդամէնը 5 մրցումներ որոնք ծայր աստիճան կարեւոր են, եւ պէտք է լաւ ձեւով կեդրոնանալ: Ճնշում պէտք չէ ըլլայ, հանգիստ ջիղերով պէտք...

Պասքեթպոլ.  Լիբանան` Լաւագոյն Արաբական Խումբը

Պասքեթպոլ. Լիբանան` Լաւագոյն Արաբական Խումբը

ՖԻՊԱ-ն սեպտեմբեր ամսուան սկիզբը հրապարակեց պասքեթպոլի ազգային խումբերու դասաւորումը: Միացեալ Նահանգներ անշուշտ մնացին առաջին դիրքին վրայ, իսկ Գերմանիա` 2-րդ դիրքին վրայ: Ֆրանսա 4-րդ դիրքէն բարձրացաւ 3-րդ` իր նախկին դիրքը փոխանակուելով Սերպիոյ հետ: Քանատա մնաց 5-րդ դիրքին վրայ, մինչ Սպանիա, Աւստրալիա եւ Արժանթին մնացին իրենց նախկին դիրքերուն վրայ` 5-րդէն 8-րդ: Թուրքիա 11-րդ դիրքէն բարձրացաւ 9-րդի, մինչ Լիթուանիա ամբողջացուց լաւագոյն 10-ն: Արաբական...

Ըմբշամարտ.  Հայաստան Երկու Մետալներով Աւարտեց Լեհաստանի Բաց Մրցաշարքը

Ըմբշամարտ. Հայաստան Երկու Մետալներով Աւարտեց Լեհաստանի Բաց Մրցաշարքը

Վերջերս Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցաւ «Փոլընտ Օփըն 2026» ազատ ոճի ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքը: Հայաստան երկու մետալներով աւարտեց մրցաշարքը, երբ 70 քկ կշիռի մրցումներուն, Արման Անդրէասեան (արծաթ) եւ Վազգէն Թեւանեան (պրոնզ) կրցան շահիլ երկու մետալները: Մինչեւ 61 քկ կշիռի մրցումներուն մասնակցեցաւ Մանուէլ Խնձրցեան, որ 12-րդ դիրքը գրաւեց: Այս մրցաշարքին ամէնէն յաջող ելոյթը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու հաւաքականը, որ 10 կշիռներու 8 ոսկի...

Անթոնիօ Ռուտիկեր Գերմանիոյ  Ազգային Խումբէն Հեռացաւ

Անթոնիօ Ռուտիկեր Գերմանիոյ Ազգային Խումբէն Հեռացաւ

Ռէալ Մատրիտի 33 տարեկան կեդրոնի յետսապահ Անթոնիօ Ռուտիկեր յայտարարեց, թէ կը լքէ Գերմանիոյ ազգային խումբը: «Որոշակի մտորումներէ ետք եզրակացութեան յանգեցայ, որ ինծի համար ժամանակն է ազգային խումբի ասպարէզս աւարտելու, ճամբայ բանալով երիտասարդ սերունդին առջեւ: Երբ 2014-ին առաջին անգամ կրեցի ազգային խումբի շապիկը, չէի պատկերացներ, որ 86 մրցումներու պիտի մասնակցիմ գլխաւոր խումին հետ: Ճիշդ է, որ վերջին մրցաշարքերուն չկրցանք մեծ տիտղոս...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Անգլիական Ակումբները 4,7 Միլիառ «Ծախսեցին» Այս Ամառ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Անգլիական Ակումբները 4,7 Միլիառ «Ծախսեցին» Այս Ամառ

Անցեալ եղանակի սկիզբը անգլիական ֆութպոլի ակումբները մրցանիշ հաստատած էին 4,25 միլիառ ամ. տոլար ծախսելով ֆութպոլիստներու վրայ, բայց այս տարի անոնք աւելի ծախսեցին` այդ թիւը բարձրացնելով 4,7 միլիառի: Մանչեսթըր Սիթի իր մեծագոյն փոխանցումը վերջին օրուան ձգեց, ուր արժանթինցի Էնզօ Ֆեռնանտես դարձաւ պատմութեան ամէնէն «սուղ» խաղցողներէն մէկը` լքելէ ետք Չելսին եւ միանալով Սիթիին` 169 միլիոն ամ. տոլարի փոխարէն: Սիթիի այս ամրան ձախսած...

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այս Շաբաթ` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Սաֆա Շուէյֆաթ

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այս Շաբաթ` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Սաֆա Շուէյֆաթ

Անցեալ շաբաթավերջին վերջ գտան Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի բոլոր շրջաններու ախոյեանութիւնները, որոնց լոյսին տակ 12 խումբեր պիտի մրցին աւարտական հանգրուանին: 12 խումբերը բաժնուած են երկու խմբակներու, եւ ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ Պէյրութի շրջանի ախոյեանն է, մաս պիտի կազմէ Բ. խմբակին: ՀՄԸՄ-ի խմբակին մաս կը կազմէ նաեւ Պեքայի ախոյեան Նասեր Քամեր Լոզ, հիւսիսի ախոյեան Արապի Աքքար, ինչպէս նաեւ հիւսիսի շրջանի փոխախոյեան Սալաֆի...

Գեղարուեստական Մարմնամարզութիւն.  Սերաֆինա Սերոբեանի Պատմական Ելոյթը` Միջերկրականեան Երկիրներու Խաղերուն

Գեղարուեստական Մարմնամարզութիւն. Սերաֆինա Սերոբեանի Պատմական Ելոյթը` Միջերկրականեան Երկիրներու Խաղերուն

Իտալիոյ Թարանթինօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող 2026-ի միջերկրականեան երկիրներու խաղերուն, Սերաֆինա Սերոբեան առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանը ներկայացուց այս միջազգային կարեւոր մրցաշարքին` գեղարուեստական մարմնամարզութեան մրցումներուն: Պատմական է այս երեւոյթը, մանաւանդ որ Լիբանան առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի գեղարուեստական մարմնամարզութեան մրցումներուն: Թարանթինօ 2026-ը իրար մօտ կը բերէ աւելի քան 4 հազար մարզիկներ 26 տարբեր միջերկրականեան երկիրներէ, որոնք տարբեր մարզաձեւերով կը մրցին իրար...

Հեծելարշաւ.  Հայաստան Պիտի Հիւրընկալէ  Միջազգային «Թուր Օֆ Արմենիա»-ն

Հեծելարշաւ. Հայաստան Պիտի Հիւրընկալէ Միջազգային «Թուր Օֆ Արմենիա»-ն

Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ միջազգային «Թուր օֆ Արմենիա»-ն, «Ճիրօ Տ՛իթալիա»-ի` կազմակերպիչներուն աջակցութեամբ: Ինչպէս միջազգային հեծելարշաւի յայտնի շրջավազքերը` «Թուր տը Ֆրանս»-ը (Ֆրանսայի շրջավազքը), «Վուելթա ա Էսփանիա»-ն (Սպանիոյ շրջավազքը) եւ «Ճիրօ Տ՛իթալիա»-ն Իտալիոյ շրջավազքը, Հայաստանն ալ առաջին անգամ ըլլալով պիտի հիւրընկալէ իր հեծելարշաւի առաջին միջազգային մրցաշարքը` 10-13 սեպտեմբեր: Մրցաշարքը ընդգրկուած է «Եու. Սի. Այ. Եուրոփ Թուր»-ի օրացոյցին մէջ:...

Կարլեն Յովհաննիսեան Իր Առաջին  Ելոյթը Ունեցաւ Իր Նոր Ակումբին Հետ

Կարլեն Յովհաննիսեան Իր Առաջին Ելոյթը Ունեցաւ Իր Նոր Ակումբին Հետ

Հայաստանի ազգային խումբի 21 տարեկան միջնապահ Կարլեն Յովհաննիսեան իր առաջին պաշտօնական մրցումը կատարեց ռուսական Աքրոն խումբին հետ: Ռուսիոյ բաժակի մրցումին գծով Աքրոն կը մրցէր Լոքոմոթիւ Մոսկուայի դէմ: Հայ ֆութպոլիստը դաշտ ներկայացաւ երկրորդ կիսախաղին (69-րդ վայրկեանին): Մրցումը աւարտեցաւ սպիտակ հաւասարութեամբ: Դիմուեցաւ վճռական փենալթիներու, եւ Աքրոն 5-4 արդիւնքով յաղթեց: Յովհաննիսեան նշանակեց 4-4-րդ կարեւոր փենալթին եւ մեծ դեր ունեցաւ Աքրոնի յաղթանակին մէջ: Աքրոն...

Page 14 of 1274 1 … 13 14 15 … 1,274

Արխիւներ