Հայկական ֆութսալի Եունիսփորթ ակումբը հասաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի 2026-2027 տարեշրջանի հիմնական փուլ:
Երեւանի մէջ տեղի ունեցած զտումի մրցումներուն, Հայաստանի ախոյեանը իր 3-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց` 5-2 արդիւնքով յաղթելով Գերմանիոյ ախոյեան Վայլիմտորֆին:
Եունիսփորթ իր երկրորդ մրցումին 14-1 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրած էր Իսլանտայի ախոյեան Ռէյքիավիքի վրայ:
Հայկական խումբին նշանակած եւ ստացած կոլերու հաշիւը հասաւ 24-4-ի` երեք մրցումներու ընթացքին:
«Չեմփիընզ լիկ»-ի հիմնական փուլը կը սկսի հոկտեմբերի վերջերուն: Նախնական տուեալներով Եունիսփորթ պէտք է Ե. խմբակին մաս կազմէ լեհական Փիասթ Կլիվիցէի, Ազրպէյճանի Արազ-Նախիջեւանի եւ զտումի մրցումներէ խումբի մը հետ:
Կրնայ պատահիլ, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Եունիսփորթը եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչը տարբեր խմբակներու մէջ զետեղէ, քաղաքական պատճառներով:
Նշենք, որ անցեալ տարեշրջանին Եունիսփորթ առաջին անգամ ըլլալով դարձած էր Հայաստանի ախոյեան եւ մասնակցեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ին:


