Հաղորդագրութիւն. ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Պասքեթպոլի Խումբերը Յորդանանի Մէջ Ունեցան Բարեկամական Մրցումներ
Ընդառաջելով յորդանանեան «Այժատ» մարզական հիմնարկի հրաւէրին` ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի պասքեթպոլի զոյգ աղջկանց եւ տղոց խումբերը կիրակի, 16 օգոստոս 2026-ին մեկնեցան Ամման, Յորդանան: ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութիւնը յարմար նկատեց ընդառաջել այս հրաւէրին, որուն շնորհիւ մարզական խումբերը կարելիութիւն պիտի ունենան ձեռք ձգել փորձառութիւն եւ զայն օգտագործել յառաջիկայ տարեշրջանի ախոյեանութեան խաղերու ընթացքին, նաեւ այսպիսի առիթ պիտի նպաստէ բարձր պահելու ՀՄԸՄ-ի անունը...




















