Սէուտական Արաբիոյ «Փրօ լիկ»-ի 2026-2027 տարեշրջանի Դ. հանգրուանի իր մրցումին, ախոյեան Նասր 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թաաոնը:
11-րդ վայրկեանին Հուրայճի նշանակեց Թաաոնի անակնկալ կոլը, բայց Նասր կրցաւ հաւասարիլ Սամու Քոսթայի միջոցով` կիսախաղէն երկվայրկեաններ առաջ:
Փորթուգալցի վեթերան աստղ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ 50-րդ վայրկեանին նշանակեց Նասրի երկրորդ եւ իր ասպարէզի 978-րդ կոլը:
Ֆրանսացի Մոհամետ Սիմաքան դէպի բերդ կը փորձէր հարուածել, բայց գնդակը Ռոնալտոյի ուղղութեամբ էր, եւ վերջինս շատ ճկուն ձեւով ուղղութիւնը փոխելով զայն զետեղեց Թաաոնի բերդին մէջ:
Ասիկա Ռոնալտոյի երկրորդ կոլն էր 3 մրցումներու ընթացքին, եւ ան հետզհետէ կը մօտենայ հազարերորդ կոլին:


