Արժանթինի պատմական ֆութպոլիստներէն Լիոնել Մեսսի 2026-ի Մոնտիալէն ամիս մը ետք յայտարարեց, թէ լքած է Արժանթինի ազգային խումբը:
Մեսսի, որ 2005-էն ի վեր մաս կը կազմէր ազգային խումբին, 207 անգամ կրած է Արժանթինի ազգային խումբին շապիկը` նշանակելով 125 կոլ, շահած է 2 «Քոփա Ամերիքա» եւ 2022-ի Մոնտիալը:
«Մոնտիալի աւարտականէն եւ երկար մտածումներէ ետք բոլորին կը յայտնեմ, որ ազգային խումբէն կը հրաժարիմ: Դժուար որոշում էր, որ մեծ ցաւ պատճառեց եւ տակաւին կը պատճառէ, բայց կը հասկնամ, որ այս է ճիշդ պահը: Ես միշտ կարելիս ըրի, ոչ միայն վերջին քան մը տարիներուն, ուր ամէն ինչ շահեցանք, բայց սկիզբէն այդպէս էի: Միշտ պայքարեցայ տալու առաւելագոյնը, այս շապիկին համար, ձեզի ուրախացնելու եւ հպարտ զգալու համար իբրեւ արժանթինցի` ֆութպոլի միջոցով:
«Շատ ժամանակ չմնաց, եւ տարբեր հատորներ իրենց աւարտին հասան: Ասիկա է, որ ինծի ամէնէն մեծ ցաւը պատճառեց: Ես կը սիրեմ, կը սիրէի եւ միշտ պիտի սիրեմ մաս կազմել ազգային խումբին: Ինչ որ ունիմ տուի, եւ աւելի բան չունիմ տալիք: Անշուշտ շատ տաղանդաւոր երիտասարդներ ալ կու գան եւ պէտք է հոն ըլլան: Շնորհակալ եմ, որ ինծի սէր ցոյց տուիք այս 20 տարիներուն: Պիտի կարօտնամ ձեզի լսել ներսէն: Հիմա ես ալ ձեզի հետ պիտի ըլլամ քաջալերելու դուրսէն, լաւ օրերուն եւ աւելի ալ վատ օրերուն:
«Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ընտանիքիս` միշտ մօտս մնալուն համար, իմ գեղեցիկ, բայց դժուար ասպարէզիս ընթացքին: Շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել բոլոր մարզիչներուս, խմբակիցներուս, եւ պատասխանատուներուն, որոնց հետ աշխատելու առիթը ունեցայ: Իմ հետս պիտի ունենամ շատ գեղեցիկ յիշատակներ: Խաղաղութեամբ կը հեռանամ, ինչպէս նաեւ հպարտ զգալով ու գիտնալով, որ իմ խմբակիցներուս հետ միասին ձեզի ներկայացուցինք այնպիսի պահեր, որոնց մասին մենք կ՛երազէինք»:
Ութ անգամ «Պալոն տ՛օր» շահած Մեսսի, որուն հայրը մահացած էր 8 օգոստոսին, յայտնեց, որ իր հօր մահը աւելի հաստատեց այս որոշումը:
«Այս տողերը պատրաստուած էին 21 յուլիսին, Մոնտիալի աւարտականէն 2 օր ետք: Այսօր, իմ հօրս հետ պատահածէն ետք, աւելի համոզուած եմ որոշումիս նկատմամբ, հաստատեց Մեսսի:
Մեսսի 2014-ին հասած, պարտուած էր Մոնտիալի աւարտականին (Գերմանիոյ դէմ), ապա 2022-ին կրցած էր վերջապէս շահիլ, մինչ 2026-ին ալ կրցաւ հասնիլ աւարտականին, բայց պարտութիւն կրեց Սպանիայէն:
39 տարեկան Մեսսի «Էմ. Էլ. Էս.»-ի մէջ Ինթեր Մայեմիի հետ կը շարունակէ իր ասպարէզը եւ վերջին մրցումին 4 կոլ կրցած էր նշանակել:


