Յունաստանի մէջ լիբանանահայ անուանի կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեան, որ Միջազգային կիթառի կազմակերպութեան կողմէ նշանակուած է իբրեւ դեսպան, 23 օգոստոս 2023-ին Յունաստանի Վոլոս քաղաքին մէջ ներկայացուց Հայաստանն ու Լիբանանը` Կիթառի միջազգային (World guitar day-2023) օրուան առիթով կազմակերպուած ողիմպիականին:
«Ազդակ» այս առիթով կարճ զրոյց մը ունեցաւ Մկրտիչ Միքայէլեանին հետ, ըսաւ. «Այս տարի պատմական տարի է, որովհետեւ առաջին տարին է, որ կիթառի ողիմպիական սկսաւ կազմակերպուիլ, եւ այսուհետեւ յարատեւ պիտի ըլլայ այս մրցոյթը եւ պիտի կայանայ ամէն տարի: Մեծ պատիւ է ինծի համար, որ կիթառի ողիմպիականի անդրանիկ մրցոյթին առաջնութեան տիրանամ»:
Միքայէլեան հաղորդեց, որ մրցոյթի կազմակերպող մարմինի գլխաւորութիւնը ներկայացուց Եորկոս Ֆուտուլիսին, իսկ մրցոյթին մասնակցեցան 120 երկիրներէ ներկայացուցիչներ, որոնցմէ ոմանք` առցանց:
2023-ի կիթառի ողիմպիականը նպատակադրեց սովորական մրցոյթ մը չըլլալ, այլ մօտաւորապէս 10 օրերու ընթացքին այլազան վայրերու մէջ տեղի ունեցան նուագահանդէսներ, ինչպէս նաեւ` նկարչական ցուցահանդէսներ, եւ այդ բոլորը իրականացան կիթառի ողիմպիականին առիթով:
Միքայէլեան դիտել տուաւ, որ աւարտական հանդիսութեան մօտաւորապէս ներկայ գտնուեցան երկու հազարէ աւելի հանդիսատես` եւ կենդանի ցուցադրութեամբ ամբողջ աշխարհը կրցաւ դիտել: Այս իրողութիւնը դասական կիթառի աշխարհին մէջ շատ մեծ յաջողութիւն է ե՛ւ կազմակերպողներուն ե՛ւ մասնակցողներուն համար:
Յիշեցնենք, որ Մկրտիչ Միքայէլեան առաջնութիւնը նուաճեց` ներկայացնելով իր հայրենիքը` Հայաստանը եւ ծննդավայր Լիբանանը: Ան յայտնեց, որ դատական կազմը պատուեց մրցոյթի երեք մասնակիցներ` յոյն կիթառիստ Էւա Ֆամփասը, յոյն կիթառ շինող Վասիլիս Վասիլէատիսը եւ զիս: Անոնք մեր երեքին համար ըսին, որ` «Առաջնակարգ երեք պարգեւատրուողները կիթառի նոր պատմութիւն մը կը կերտեն իրենց բացառիկ գործերով»: Մինչ դատական կազմի անդամները, որոնց հետ որեւէ ծանօթութիւն չունիմ, իրենց ընկերային ցանցերուն վրայ գրեցին. «Բացառիկ, մեծ կիթառիստ եւ փրոֆեսէօր Մկրտիչ Միքայէլեան ներկայացնելով Հայաստանը եւ Լիբանանը` ստացաւ ոսկեայ մետալ իր տարած մեծ աշխատանքին` նոր կիթառի պատմութիւն ստեղծելուն համար»:
Մկրտիչ Միքայէլեան յայտնեց, որ` «Պարգեւատրման ընթացքին շատ ուրախ եւ հպարտ զգացի, որովհետեւ յաջողեցայ` իբրեւ հայ եւ իբրեւ լիբանանահայ, այս դիրքը նուաճել եւ մեծ յառաջընթաց արձանագրել երաժշտական կեանքիս մէջ: Հիմա արդէն պատրաստ եմ շատ աւելին իրագործելու եւ մեծ քայլերով աւելի արագ առջեւ երթալու: Ապագայի ծրագիրներ եւ նորութիւններ շատ ունիմ: Նուագահանդէսներով Եւրոպա պիտի երթամ, ինչպէս նաեւ լոյս պիտի տեսնէ հայկական մշակումներուս նոր ձայնասկաւառակը»:
Զրոյցի աւարտին Մկրտիչ Միքայէլեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին, որ յարատեւօրէն կը հետեւին իր նորութիւններուն եւ մանաւանդ կը սատարեն մշակութային լուրերու տարածման. «Առանց ձեր գրիչին մեր գործը չ՛ամբողջանար» ըսելով` զրոյցը եզրափակեց ան: