Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ` Հանրապետական Մաղթանք Եւ Եռագոյնի Օրհնութիւն

Սեպտեմբեր 26, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 32-րդ տարեդարձին առիթով, կիրակի 24 սեպտեմբերին, յընթացս ս. պատարագի, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցան Հանրապետական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն:

Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, արարողութեան հանդիսապետեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ մէջբերում մը կատարեց օրուան Ճաշու աւետարանէն, որ մեր ուշադրութիւնը կ՛ուղղէ դէպի ընտանիք, դէպի այն բոյնը, որ կեանքէն ներս պէտք է ըլլայ ամէնէն ապահով անկիւնը, նկատել տալով, որ աւետարանական այս մտածումները մեր եկեղեցւոյ ճամբով մեզի կը փոխանցուին այնպիսի կեանքի պայմաններու մէջ, երբ մենք շատ անգամ, մոռցած Տիրոջ պատուիրանները, ըստ մեր կամքին կը վարուինք մեր տուներէն ներս եւ այդպիսով ոչ միայն Աստուծոյ կանոնը կը խախտենք, այլեւ կը քայքայենք այն նուիրական միջավայրը, որ պէտք է մեր կեանքին մէջ ամէնէն ապահով, ամէնէն տաքուկ, ամէնէն վստահելի եւ ամէնէն ուրախ ու երջանիկ անկիւնը ըլլայ: «Մեր ժողովուրդը աւանդապահ էր, գիտէր իր ընտանեկան յարկը նուիրական սկզբունքներով պաշտպանել, մասնաւորաբար գիտէր իր ժառանգած աւանդներով իր զաւակները դաստիարակել, որպէսզի անոնք ալ, իրենց կարգին, ընտանեկան նուիրական բոյնը սրբութեամբ պահեն», հաստատեց սրբազանը` դիտել տալով, որ այսօր կեանքի արտասովոր ներկայ պայմաններուն մէջ սկսած ենք տատանիլ, նաեւ` քայքայուիլ նուիրական մեր կեանքին մէջ, յատկապէս` մեր ընտանեկան յարկին տակ, որ շատ անգամ նորաձեւութեան անիմաստ ու անտեղի վէճերու թատերաբեմ կը դառնայ ու կը քայքայուի, որովհետեւ մենք մոռցած ենք ու անգիտակցօրէն կ՛անտեսենք հիմնական այն սկզբունքայինը, որ Տէրը մեզի նուիրած է եւ պարտաւոր ենք գիտակցիլ, թէ այր ու կին միասնաբար աշխարհ պիտի դիմակալեն, պիտի ծրագրեն, պիտի գործակցին, պիտի պայքարին իրենց միութեան խորհրդանիշը հանդիսացող ընտանեկան կեանքին մէջ, որպէսզի միութեան սրբազան ուխտը փրկութեամբ պահպանուի:

«Խրատուինք ու դաստիարակուինք եւ այս ճշմարտութիւնը այսօր եկեղեցիէն վերցնելով` վերադարձնենք մեր տուները, որպէսզի մեր ընտանեկան կեանքը սրբութեամբ օծենք եւ փորձենք սրբագրել այն, ինչ որ կեանքի բերումով սկսած է քայքայուիլ եւ տատանիլ», շեշտեց սրբազան հայրը:

Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը դիտել տուաւ, որ նոյն օրը մեր եկեղեցիներուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 32-րդ տարեդարձին առիթով գոհաբանական յատուկ աղօթք կը մատուցենք` խնդրելով, որ Աստուած իր շնորհքին մէջ պահպանէ Հայաստան աշխարհի անկախութիւնը, իմաստութիւն տայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, նաեւ զօրութիւն պարգեւէ հայ զինուորին ու զօրականին:«Այս տարի վստահաբար մեր կեանքէն ներս այս առիթով ուրախութիւն չկայ, որովհետեւ ազգովին կ՛ողբանք Արցախի նահատակութիւնը», հաստատեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ ամբողջ տարի մը կղզիացուած պայմաններու մէջ շրջափակուած, պայքարելէ եւ արիւնելէ ետք ի վերջոյ Արցախը պարտաւորուեցաւ զէնքերը վար դնել ու յանձնուիլ: Ազգովին տրտում ենք, եւ տխուր, որովհետեւ հազիւ պահ մը կրցանք ըմբոշխնել Արցախի փառաւոր անկախութեան երեւոյթը: Ազգովին տրտում ենք, որովհետեւ կ՛անդրադառնանք, թէ այն, ինչ որ իրականացաւ մեր պատմութեան ժամանակակից պայմաններուն մէջ, ահաւասիկ խորտակուեցաւ եւ յանձնուեցաւ թշնամիին, բայց մասնաւորաբար ներկայ մեր անմխիթար վիճակին մէջ պէտք չէ առիթ տանք, որ մեր ժողովուրդին կամքը խորտակուի եւ քայքայուի, այլ, ընդհակառա՛կը, պէտք է նոր աշխատանքի լծուինք, վերստին ամրացնենք հայրենիքի պաշտպանութեան պարիսպները, նոր գոյամարտ մղենք, որպէսզի մեր ժողովուրդին արդար իրաւունքը պաշտպանենք եւ վերադարձնենք այն, ինչ որ անիրաւօրէն մեզմէ խլուեցաւ: Սրբազան հայրը նկատել տուաւ, թէ ժամանակները կը պահանջեն, որ ըլլանք զգաստ եւ խոհեմ, նաեւ` գիտակից, եւ այդ հասկացողութեամբ այսօր մեր եկեղեցիներուն մէջ կը խոնարհինք բոլոր այն հերոսներուն յիշատակին դիմաց, որոնք հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան բագինին վրայ իրենց կեանքերը զոհեցին: Կը խոնարհինք գիտակցօրէն եւ երդուելով, որ մենք ալ իրենց օրինակով պիտի  հետեւինք իրենց քայլերուն, մասնակից պիտի դառնանք սրբազան ու նուիրական այն պայքարին, որ մեր ժողովուրդը մղեց դարեր շարունակ` ի խնդիր գոյութեան եւ անկախութեան, երբեմն ինկաւ եւ նահատակուեցաւ, բայց իր քաջ զաւակներուն շնորհիւ դարձեալ յարութիւն առաւ, վերականգնեց իր անկախութիւնը եւ վերահաստատեց իր նուիրական կեանքը:

«Պէտք չէ առիթ տանք, որ մեր շրջապատը մեզ անարգէ, այլ, ընդհակառա՛կը, մեր կեցուածքով եւ հաւատարմութեամբ պէտք է ցոյց տանք, թէ մենք ժառանգորդներն ենք ժողովուրդի մը, որ մեռնիլ չի գիտեր, որ` իր կեցուածքով կրնայ դարձեալ ոտքի ելլել եւ կրած իր պարտութիւններուն դիմաց ապահովել նոր յաղթանակներ: Մասնաւորաբար պէտք է լաւ անդրադառնանք, որ մեր ժողովուրդի ամէնէն ապահով կռուանը Հայաստան աշխարհն է եւ մեր գոյութեան գրաւականն է: Առանց Հայաստանի` անիմաստ է մեր գոյութիւնը եւ աննպատակ, կեանքին մէջ մեր կատարած բոլոր աշխատանքները: Հայաստանով կը պայծառանան անցեալի մեր յիշատակները, նաեւ` գալիքին համար մեր ունեցած երազներն ու իտէալները» եզրափակեց Շահէ արք. Փանոսեան:

Այնուհետեւ կատարուեցաւ գոհաբանական մաղթանք Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 32-րդ տարեդարձին առիթով, որուն ընթացքին սրբազան հայրը կատարեց եռագոյն դրօշի օրհնութիւն:

Նախորդը

Գարակէօզեան Հաստատութիւն Այցելեցին Եւրոպական Միութեան Ներդրումային Դրամատան (European Investment Bank) Ներկայացուցիչներ

Յաջորդը

Ապտոլլահեան. «Աշխարհագրութեան, Դրացնութեան Քաղաքականութեան, Պատմութեան Վրայ Հիմնուած Համագործակցութիւնը Կրնայ Ապահովել Շրջանի Խաղաղութիւնը»

RelatedPosts

«Ազդակ»-Ի 61-րդ Առցանց Լսարան.  «Մինչեւ Հիմա Չեն Մշակուած Պետութիւն-Եկեղեցի Յարաբերութիւնները Կանոնակարգող Օրէնքները», Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան
Գաղութային

«Ազդակ»-Ի 61-րդ Առցանց Լսարան. «Մինչեւ Հիմա Չեն Մշակուած Պետութիւն-Եկեղեցի Յարաբերութիւնները Կանոնակարգող Օրէնքները», Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան

Դեկտեմբեր 1, 2023
«Հոգեկան Ու Բարոյական Արժէքներ Հարկաւոր Են Մեր Ընտանիքներուն Ու Հաւաքականութեան, Որպէսզի Անոնցմով Մեր Կեանքը Ուղղենք Եւ Աստուծոյ Ողորմածութեան Արժանանանք» Շահէ Արք. Փանոսեան
Գաղութային

«Հոգեկան Ու Բարոյական Արժէքներ Հարկաւոր Են Մեր Ընտանիքներուն Ու Հաւաքականութեան, Որպէսզի Անոնցմով Մեր Կեանքը Ուղղենք Եւ Աստուծոյ Ողորմածութեան Արժանանանք» Շահէ Արք. Փանոսեան

Նոյեմբեր 29, 2023
Հոգեհանգիստ` Նահատակ Եւ Ննջեցեալ  ՀՄԸՄ-ականներու Յիշատակին
Գաղութային

Հոգեհանգիստ` Նահատակ Եւ Ննջեցեալ ՀՄԸՄ-ականներու Յիշատակին

Նոյեմբեր 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In