Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մայրենիի Պաշտպան» Ա. Կարգի Մրցանակ` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանին

October 22, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

diplome_102116

Երկուշաբթի, 17 հոկտեմբերի 2016-ին, Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» համահայկական տարեկան մրցանակաբաշխութեան 2015 թուականի արդիւնքներու ամփոփման եւ մրցանակներու բաշխման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Ռուսիոյ հայերու միութեան եւ Համաշխարհային հայկական Քոնկրեսի փոխ-նախագահներ Վլատիմիր Աղայեան եւ Արամ Սարգսեան, Ռուսիոյ հայերու միութեան փոխնախագահ Լուսիկ Ղուկասեան, Ռուսիոյ հայերու միութեան շրջանային բաժանմունքներու նախագահներ, մանկավարժներ, մրցանակակիրներ եւ հիւրեր:

Սոյն մրցանքին գծով, 2015 թուականին աշխարհի  23 երկիրներէ սփիւռքահայ կազմակերպութիւններէ, հաստատութիւններէ եւ անհատներէ ներկայացուած էր 112 յայտադիմում: Սոյն մրցանքին Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանը արժանացաւ Ա. կարգի մրցանակին:

Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանէն, Չեխիայէն, Պուլկարիայէն, Գերմանիայէն, Դանիայէն, Շուէտէն, Ռուսիայէն,  Ուքրանիայէն եւ Վրաստանէն եկած մրցանակակիրներ, ընդ որում` վարժարանիս տնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեանը, որոնց նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ Ռուսիոյ հայերու միութեան փոխնախագահներ Վլատիմիր Աղայեան եւ Արամ Սարգսեան յանձնեցին մետալներ եւ մրցանակներու վկայականներ:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան պարգեւատրութեամբ «Մայրենիի պաշտպան» Ա. կարգի մրցանակը, մանաւանդ որ ան զուգադիպած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարուան` 2015 թուականի մրցանքին, կու գայ վկայելու, թէ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի որդեգրած հայապահպանման ուղին ոչ միայն աշակերտներուն մէջ ամրօրէն կը սերմանէ մայրենի լեզուին ու մշակոյթին քաջածանօթ ըլլալու եւ անոնց կառչած մնալու հունտերը, այլեւ զանոնք պահպանելու, տարածելու եւ ծանօթացնելու իրենց հասակակից օտար աշակերտներուն:

Տնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարարութեան` հայապահպանման առնչութեամբ իր ծրագիրներուն եւ տարած գնահատելի աշխատանքին համար, եւ նշեց, որ Ս. Խաչ-Հարպոյեանը կը հաւատայ, որ մայրենի լեզուն եւ մշակոյթն են հայը հայ պահելու երաշխիքները, հետեւաբար վարժարանը իր ամէն կարելին ի գործ կը դնէ մարդակերտումի իր առաքելութեան կողքին կերտելու նաեւ տիպար հայը, որ տէրն ու պաշտպանն է իր մշակութային եւ պատմական դարաւոր ժառանգութեան:

30-ամեայ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանը, կատարեալին ձգտող հայակերտումի եւ մարդակերտումի հայաշունչ դարբնոցը, այս ոգիով ու տեսլականով իր երթը կը շարունակէ դէպի նորանոր լուսաւոր ամեակներ:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ
Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ 

Նախորդը

Վերյիշելով Սողոմոն Թեհլիրեանը

Յաջորդը

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատունը Ստացաւ «Մայրենիի Պաշտպան» Մրցանակ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.