Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Կորուստները. Ոչ Եւս Է Գրագէտ Մովսէս Պչաքճեան

Հոկտեմբեր 20, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

movses_101916Հոկտեմբեր 18-ի առաւօտեան «Մարմարա» թերթը Լիոնէն տեղեկացած է, որ ոչ եւս է յայտնի ու վաստակաշատ գրագէտ Մովսէս Պչաքճեանը: Մովսէսի քոյրը` Լիոնի Մարգարեան-Փափազեան վարժարանի վաստակաւոր հայերէնի ուսուցչուհի Լուսին Պչաքճեան, հաղորդած է այս տխուր լուրը: Պչաքճեան մահացած է հոկտեմբեր 17-ի յետմիջօրէին:

«Բեղմնաւոր հեղինակ մըն էր Մովսէս Պչաքճեանը, որ շարունակ արտադրեց, մինչեւ որ ծանր հիւանդութիւն մը շատ բան կործանեց անոր առողջութեան մէջ: Երկար պայքարեցաւ խօսիլն ու իր գիտցած լեզուները մոռցնել տուող հիւանդութեան մը դէմ, յաղթահարեց, բայց մնաց դիւրաբեկ առողջութեան մէջ. այնուհանդրեձ, չվհատեցաւ, թէեւ չկրցաւ նոր գործ արտադրել, բայց Հայաստանի ու սփիւռքի միջեւ դարձաւ գրական կամուրջ, ապահովեց, որ իր գործերը ամբողջական գործի փառաւոր հատորներով տպուին Հայաստանի մէջ. գործէն, որքան որ գիտենք, հրատարակուեցան հինգ հատորներ», կը գրէ «Մարմարա»:

Ան պաշտօնավարած էր Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ որպէս դիւանապետ ու կը շարունակէր ապրիլ Փարիզ:

2009-ին Հայաստանի նախագահին հրամանագիրով Պչաքճեան պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով, իսկ 2010-ին Հայ գրողներու միութեան կողմէ` «Գրական վաստակի համար» շքանշանով:

Մովսէս Պչաքճեանի հատորներէն են` «Անցողիկը ու անժամանցելին», «Մինչեւ վերջինը արեւներուն», «Աշխարհահայեաց պատուհան», «Լուսաւոր աչքերով օտարականը», «Վարագոյրը իջնելէ առաջ», «Խմելով քաղաքը», «Անկատար վերծանումներ», «Լուացք փռուած տանիքի վրայ» եւ «Անկարելի կարելին»:

Մովսէս Պչաքճեան ծնած էր Հալէպ, 1940-ին, բայց 1976էն ի վեր կ՛ապրէր Փարիզ:

 

Նախորդը

«Այս Դատը Սոսկ Կրօնական Դատ Մը Չէ, Եկեղեցական Կալուածի Մը Վերադարձը Չէ Միայն, Այս Դատը Ես Կը Նկատեմ Մեր Ժողովուրդին Դատը» Շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը

Յաջորդը

Այսօր Կը Սկսի Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովը Նիստերը Պիտի Հեռարձակուին «Նոյեան Տապան»-ի Ու «Ազդակ»-ի Կայքերուն Վրայ

RelatedPosts

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ
Գաղութային

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?