Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Կորուստները. Շամիրամ Սեւակ Մահացաւ

October 21, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

shamiram-sevak-20-10-2016

Նիսի մէջ 102 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքեց Շամիրամ Սեւակ: Ան 1915-ին նահատակուած մտաւորականներու ամէնէն յաճախ յիշուող անուններէն Ռուբէն Սեւակի աղջիկն էր, միակ շառաւիղը լուսաշող այդ փաղանգին, որ դեռ ի կեանս էր:

Ռուբէն Սեւակ Զուիցերիոյ մէջ, ուր մեկնած էր ուսման համար, ամուսնացած էր գերմանացի գնդապետ Ֆրանց Աբէլի աղջկան` Եանի Աբէլի հետ ու ունեցած երկու զաւակ. առջինեկը` Լեւոն, իսկ երկրորդը` Շամիրամ, որ ծնած էր Պոլիս 1914-ին:

Հօր նման տաժանելի եղաւ Շամիրամ Սեւակի կեանքն ալ. գերմանուհի մայրը իր ամուսնոյն մահէն ետք յաջողած էր փախուստ տալ Պոլիսէն, շնորհիւ` գերման դեսպանին օգնութեան եւ զաւակներուն հետ հանգրուանած` Ֆրանսայի հարաւը: Շամիրամ ուշ ամուսնացած էր եւ զաւակ չէր ունեցած:

Շամիրամ Սեւակ իր յառաջացեալ տարիքին համեմատ միշտ ալ կ՛երեւէր շատ աւելի երիտասարդ: Կը սիրէր կրկնել` «ինծի յաճախ կը հարցնեն, ի՞նչ է չծերանալու գաղտնիքդ», շարունակելով. «Պատասխանս միշտ կ՛ըլլայ, հա՜յրս, անոր սիրային երգը: Այլապէս, սարսափելի է մտածել, որ ես անկէ աւելի քան երեք անգամ տարիքոտ եմ»` ակնարկելով իր հօր նահատակութեան, երբ ան հազիւ թէ բոլորած էր 30 գարուններ: «Ո՛չ, ո՛չ, ան իմ հայրս է եւ անոր ինծի ուղղուած դասերը դեռ չեն աւարտած», կ՛եզրակացնէր Շամիրամ:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Հանդիպում` Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներու Թաղականութիւններուն Հետ

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.