Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ. Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնակատարութիւն

December 28, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին սարկաւագ եւ նախավկայ մարտիրոս Ս. Ստեփանոսի տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ երկուշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտուն, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Ս. պատարագը մատուցեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Դանիէլ քհնյ. Մանճիկեան: Արարողութեան նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ս. պատարագին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի թեմի քահանայից դասը եւ թեմի եկեղեցիներուն մէջ ծառայող սարկաւագներն ու կիսասարկաւագները:

Ս. պատարագին երգեցողութիւնը կատարեցին թեմի եկեղեցիներուն մէջ ծառայող սարկաւագները, կիսասարկաւագները, դպիրներն ու դպրուհիները` ղեկավարութեամբ Կարօ սրկ. Քէլէշեանի:

Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին մէջ նշեց, թէ եկեղեցւոյ սպասաւորութեան մէջ գտնուողներուն համար Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնը ունի մեծ նշանակութիւն: Ան նշեց, որ Նոր կտակարանի «Գործք առաքելոց» գիրքը կը խօսի եկեղեցւոյ ծառայութեան հրաւիրուած առաջին եօթը սարկաւագներուն ընտրութեան մասին: Ս. Ստեփանոս նախավկայ առաջին սարկաւագը յիշատակելի գործունէութիւն կը տանի եկեղեցւոյ կեանքին մէջ` անդրանցելով իրեն վստահուած խորանի սպասարկութեան պարտականութիւնը, ան նաեւ ինքզինք կ՛ընծայէ Աւետարանի քարոզչութեան գործին եւ ընկերութեան մէջ Աւետարանով ներկայացուած հաւատքը տարածելու ու պաշտպանելու սրբազան աշխատանքներուն: Իր գործունէութիւնը ժողովրդային շրջանակներուն մէջ կը դառնայ այնքան ուշագրաւ, որ հրեայ կրօնաւորները եւ օրէնքի ուսուցիչները վրդովուած ամէն հնար ի գործ կը դնեն, որպէսզի զինք չէզոքացնեն: Ի վերջոյ հրեայ բարեպաշտներու տրամադրութիւնները գրգռելով զինք կ՛առաջնորդեն բարձրագոյն ատեան ու այնտեղ կը դատապարտեն մահուան: Քաղաքի պարիսպներէն դուրս տանելով զինք կը քարկոծեն, եւ իր հոգին կ՛աւանդէ Ս. Ստեփանոս` Տիրոջ ներումը խնդրելով բոլոր անոնց համար, որոնք պատճառ դարձան իր մահուան:

Առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ Ս. Ստեփանոսի այսօրուան պատգամը ծառայութիւնն է իր կեանքի օրինակին ընդմէջէն: Ծառայութիւնը պէտք է ըլլայ հաւատքով ու նուիրումով, որ սահման չի ճանչնար:

Ս. Ստեփանոս նախավկայ սարկաւագի տօնին առիթով առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորեց բոլոր հոգեւորականները եւ սարկաւագները, դպիր- դպրուհիները, որոնք իրենց մասնակցութեամբ հայ եկեղեցին շէն ու պայծառ կը պահեն:

Ս. պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` թեմին մէջ ծառայած ննջեցեալ բոլոր սարկաւագներուն հոգիներուն համար:

Ս. պատարագէն ետք սիրոյ սեղան մատուցուեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին հրաւէրով` եկեղեցւոյ «Բակուր Աղասարգիսեան» սրահին մէջ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի թեմի Միջդպրաց դասերու յանձնախումբի պատասխանատու Խաչիկ Ա.քհնյ. Միսիրեան: Ան նշեց, որ Ս. Ստեփանոսի տօնը քրիստոնեայ եկեղեցւոյ մեծագոյն տօներէն մէկն է: Նահատակութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին հետ առնչակից եղաւ եւ կողք-կողքի քալեց: Հայ ժողովուրդը քրիստոնէական հաւատքին համար աշխարհի մէջ առաջին ազգը եղաւ, որ հաւաքաբար նահատակուեցաւ, բայց նահատակութեան խորհուրդով վերստին կեանքի կոչուեցաւ: Ս. Ստեփանոս հաւատաց Քրիստոսին, իր առաքելութեան եւ կոչումին: Իր խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց եկեղեցւոյ սպասաւորներուն բարձրագոյն նախանձախնդրութեամբ, կարգապահութեամբ եւ իմաստութեամբ կատարելու իրենց պարտականութիւնը:

Բարի գալուստի խօսք ուղղեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Գօգօ Աւագեան: Ան նշեց, որ Ս. Ստեփանոսի տօնը կը յիշեցնէ ծառայութեան եւ աշխատանքի հիմնական պայմանները այն նուիրեալներուն, որոնք բարձր գիտակցութեամբ եւ կամովին կը ծառայեն Ս. Սեղանին` իրենց թանկագին ժամանակը տրամադրելով հոգեւոր ծառայութեան եւ մասնակցելով ծիսական պարտականութիւններու:

Սիրոյ սեղանին թամատան էր Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դպրաց դասի խմբավար Վազգէն Կենտիմեան:

Հուսկ գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր` Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Լիբանանի թեմի դպրաց դասերուն մասնակցութեամբ:

Այնուհետեւ Լիբանանի թեմի Կրօնական ժողովին կողմէ ձեռամբ առաջնորդ սրբազան հօր յուշանուէրներ յանձնուեցան` «Նարեկ» աղօթամատեան թեմի եկեղեցիներուն մէջ բազմամեայ ծառայութիւն կատարած սարկաւագներուն իբրեւ գնահատանք: Գնահատուեցան հետեւեալ սարկաւագները` Մովսէս Գէորգեան, Կարապետ Մուղալեան, Վազգէն Թովմասեան, Յովակիմ Քէշիշեան, Միքայէլ Տեմիրճեան, Եղիա Աւետիքեան, Պետրոս Գասպարեան, Զաւէն Եումուշաճիգեան, Սարգիս Յովհաննէսեան, Սիրական Իսկենտերեան, Գրիգոր Օհանեան եւ Պետրոս Պալպուչաքեան:

Փակման խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան Փառք տուաւ Աստուծոյ, որ տակաւին մեր եկեղեցւոյ մէջ կան ծառայութեան մէջ գտնուող մարդիկ, որոնք հայ եկեղեցւոյ փայլքը կ՛աւելցնեն: Եկեղեցին հաստատուած է մեր ամրութեան համար եւ եկեղեցին կը շէննայ հաւատարիմ աշխատանքով ու ծառայութեամբ: Ան մաղթեց, որ նոր սերունդի զաւակները ներկայ գնահատուողներուն օրինակով դէպի ազգ եւ եկեղեցի ուղղեն իրենց քայլերը: Աստուած իւրաքանչիւրին շնորհք մը տուած է, բայց միայն քիչեր գիտեն ծառայելով իրենց շնորհները իբրեւ արժէք զետեղել ընկերութեան կեանքին մէջ` եկեղեցւոյ, կառոյցներու, ակումբներու  եւ դպրոցներու խողովակով:

Առաջնորդ սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց կոչ ուղղելով բոլորին աշխատանքի մէջ ըլլալու, իսկ Տիրոջ տան մէջ աշխատիլ, տագնապիլ եւ քրտնիլ կը նշանակէ Տիրոջ փառքը հիւսել այս երկրաւոր պայմաններուն մէջ:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

«Թող Մեր Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ Ծառայութիւնը Զանազան Ձեւերով Դառնայ Մնայուն Արժէք Ու Ճշմարիտ Ճանապարհ» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.