Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանքը Իր Հայրապետով Կը Տօնախմբէ Իր Կաղանդը

December 27, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 22 դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին դպրեվանեցիներ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ տեսչական կազմին ու միաբան հայրերու, մէկ յարկի տակ համախմբուելով, նշեցին դպրեվանքի Կաղանդը:

Դպրեվանեցիներ երգեցին Կաղանդի եւ ազգային զանազան երգեր` ճոխ մթնոլորտ մը ստեղծելով: Ապա դպրեվանքի տեսուչ Պօղոս վրդ. Թինքճեան խօսք առնելով` շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ հակառակ իր բազմազբաղութեան` անգամ մը եւս առիթը ստեղծեց ըլլալու դպրեվանքին մէջ. ան յիշեցուց դպրեվանեցիներուն, որ վեհափառ հայրապետը որպէս գուրգուրացող ու գթառատ հայր` երբեք չի մոռնար դպրեվանքն ու դպրեվանեցին: Հայր սուրբը իր խօսքը շարունակելով` նշեց, որ դպրեվանքը դպրոցէ մը աւելի` տուն ու ընտանիք է, ուր դպրեվանեցին կը սորվի ու կ՛ուռճանայ` ապագային դառնալու Հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ազգին նուիրեալ պաշտպաններէն մէկը:

Ընթրիքին ներկայ հիւր միաբաններէն Թաթուլ աբղյ. Գարտանաքեան իր կարգին խօսք առնելով` ըսաւ, որ դպրեվանքը շատ բան կու տայ մեզի, հետեւաբար, որքան կրնանք, անկէ օգտուինք: Ան իր խօսքին մէջ յատկապէս ըսաւ, որ վեհափառ հայրապետի անձին մէջ կը մարմնաւորուին մեր թագաւորներէն Տիգրան Մեծը, Աշոտ Երկաթը եւ Աշոտ Ողորմածը, որոնք իրենց ժամանակին մէջ յեղաշրջող դէմքեր եղած են: Իսկ այսօր հայրապետը իր անձով, գործունէութեամբ ու գիտելիքներով կը գրաւէ ամբողջ աշխարհը:

Ապա վեհափառ հայրապետը իր խօսքը ուղղելով տեսչական կազմին ու դպրեվանեցիներուն` գնահատեց դպրեվանքի տեսչութեան հոգատարութիւնն ու գուրգուրանքը դպրեվանեցիներուն նկատմամբ: Ան նշեց, որ դպրեվանքը սոսկ դպրոց մը չէ, այլ կազմաւորման ու մարդու պատրաստութեան կեդրոն է: Ի վերջոյ, ան շնորհաւորեց դպրեվանեցիներուն ու անոնց ծնողներուն Նոր տարին` մաղթելով խաղաղութիւն, երջանկութիւն, իմաստութիւն, առողջութիւն եւ համերաշխութիւն:

Աւելի ուշ, երեկոյեան, դպրեվանեցիներ ուրախութեամբ եւ մեծ ոգեւորութեամբ դիմաւորեցին Կաղանդ պապուկը: Կաղանդ պապուկին առաջարկով դպրեվանեցիներ իրենց մասնակցութիւնը բերին երաժշտութեամբ, ասմունքով, սրտի խօսքով ու իրենց զանազան տեսակի ձիրքերով: Կաղանդ պապուկը իր կարգին դպրեվանեցիներուն համար ասմունքեց: Ապա ան իւրաքանչիւրին նուէրը յանձնելով շնորհաւորեց բոլորին Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը:

Կաղանդ պապուկին մեկնելէն ետք, տեսուչ հայր սուրբը դարձեալ խօսք առնելով, տեսչութեան անունով շնորհաւորեց դպրեվանեցիներուն ու անոնց ծնողներուն Նոր տարին ու Սուրբ Ծնունդը` մաղթելով բարեբեր, օրհնաբեր ու համերաշխ տարի մը: Հայր սուրբը հրաւիրելով դպրեվանքի ծառայող, հոգատար եւ դպրեվանեցիներուն մօր պէս գուրգուրացող խոհարար տիկինները` գնահատեց անոնց աշխատանքը եւ գովեց ամբողջ տարուան ընթացքին անոնց ճշդապահութիւնն ու բծախնդրութիւնը` ֆիզիքական սնունդի մատակարարման: Ապա տեսչութեան ու դպրեվանեցիներուն կողմէ անոնց յանձնեց Կաղանդի նուէրներ:

Սիրոյ եւ գեղեցիկ սեղանին շուրջ համախմբուելով` տեսչութիւն եւ դպրեվանեցիներ իրենց ընտանեկան Նոր տարուան սիրոյ կարկանդակը հատեցին:

Վերջապէս, տեսչութիւն եւ դպրեվանեցիներ դուրս գալով, վանքի շրջափակին մէջ ապրեցան Կաղանդի ամէնէն սպասուած ճոխ մթնոլորտը. պայթուցիկներու գեղեցիկ հրավառութիւնը` դպրեվանքի երկնակամարին վրայ:

Նախորդը

Շնորհաւորական Այցելութիւններ` Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով

Յաջորդը

Պատմական. Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Երեւանի Մէջ. Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին` 300.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն ՀՄԸՄ-ին
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Երեւանի Մէջ. Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին` 300.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն ՀՄԸՄ-ին

November 6, 2026
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  Լիագումար Նիստերը Երեւանի Մէջ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Լիագումար Նիստերը Երեւանի Մէջ

November 6, 2026
Մասնակցութեամբ «Կարէն-Սեւակ» Նուագախումբին.   «Քնար» Պարախումբի «Արմատներու Կանչը» Պարային Իւրայատուկ Ելոյթը Արժանացաւ Մեծաթիւ Հանդիսատեսներու Գնահատանքին
Գաղութային

Մասնակցութեամբ «Կարէն-Սեւակ» Նուագախումբին. «Քնար» Պարախումբի «Արմատներու Կանչը» Պարային Իւրայատուկ Ելոյթը Արժանացաւ Մեծաթիւ Հանդիսատեսներու Գնահատանքին

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.