Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան երկուշաբթի, 5 մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին տեղի ունեցաւ ZomTalks-ի զրոյց-հանդիպում մը` «Աբրահամ Աշճեան» երիտասարդական-ուսանողական կեդրոնին մէջ: Այս անգամուան ZomTalks-ի զրուցաբերն էր Վարդան Պետրոսեան, որ «Կիսատ թողած մեր երգը» խորագիրով ներկայացում մը ունեցաւ ներկաներուն համար:
ZomTalks-ը կը ձգտի ստեղծել միջավայր մը, ուր ոեւէ անձ` մասնագէտ կամ ոչ, կարենայ իր գիտելիքները փոխանակել նիւթի մը մասին:
Ներկայացման ընթացքին զրուցաբերը խօսեցաւ բանտարկուած շրջանին իր ունեցած փորձառութեան մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ բոլոր տառապանքներուն, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունեցած են իր վրայ` ըլլայ ֆիզիքական, հոգեկան թէ հոգեւոր իմաստով: Զրուցաբերը յատկապէս անդրադարձաւ, որ բանտի իր փորձառութիւնը յատկանշական ազդեցութիւն ունեցած է իր հաւատքին վրայ, եւ իր ունեցած հաւատքը Աստուծոյ նկատմամբ բազմապատկուած է:
Ներկայացումէն ետք Պետրոսեան իր զրոյցը շարունակեց մեկնելով ներկաներուն հարցումներէն: Ան հաստատեց, որ բանտին մէջ իր ունեցած փորձառութենէն ետք իր արուեստը որեւէ խոչընդոտի առջեւ կանգ պիտի չառնէ: Պետրոսեան շեշտեց, որ այս փորձառութենէն ետք, ինք աւելի եւս յանդուգն պիտի ըլլայ իր ներկայացումներուն մէջ եւ պիտի շարունակէ իր երթը: Վ. Պետրոսեան հանդիպումի աւարտին ներկաներուն հետ միասին երգեց «Ով սիրուն սիրուն» երգը:



