8 մարտ 2018-ի առաւօտեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Իվան Սանդուս եպիսկոպոսը: Այցելութեան նպատակն էր կաթողիկոսին պաշտօնապէս յանձնել Ֆրանչիսկոս պապին հրաւէր-նամակը` հինգշաբթի, 5 ապրիլ 2018-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք Ս. Գրիգոր Նարեկացիի արձանի զետեղման արարողութեան:
Նշենք, որ յիշեալ արձանը պապին նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ: Արարողութեան ներկայ պիտի գտնուին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:



