Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցին Հանդիսաւոր Ս. Պատարագով Եւ Մատաղօրհնէքով Նշեց Իր Անուանակոչութիւնը

March 12, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրիստոնէութեան տարածման պատմութեան մէջ ամէնէն ուշագրաւ դարերէն մէկը չորրորդ դարն է, որովհետեւ այդ ժամանակահատուածին ժողովուրդներ եւ պետութիւններ պաշտօնապէս կ’ընդունին քրիստոնէութիւնը: Երբ քրիստոնէութիւնը կը ծաւալի, եկեղեցիներու միջեւ կը սկսի եղբայրական գործակցութիւն: Այս առումով քրիստոնէական կրօնին համար նահատակներ իրենց կեանքով ու օրինակով կը սրբագործուին եւ մեծ ժողովրդականութիւն կը գտնեն Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ  հաւատացեալներու կեանքին մէջ` արժանանալով կրօնական մեծ տօնախմբութեանց:

Արդարեւ, Սեբաստիոյ Սրբոց Քառասնից Մանկանց (երիտասարդներու) նահատակները, ընդհանրական եկեղեցւոյ պատկանող սուրբեր ըլլալով, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին մինչեւ օրս կը տօնախմբէ զանոնք` իբրեւ գերագոյն վկայութիւն քրիստոնէական հաւատքի բագինին` հաւատացեալներուն ուշադրութիւնը հրաւիրելով հաւատքի սիրոյն անձնազոհ քառասուն վկաներուն կեանքին վրայ:

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Տօնակատարութեան
Մեկնարկ Եւ Ոչխարներու Զենում

Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ թաղամասի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին, որ կրկնօրինակն է Կիլիկիոյ Մարաշ քաղաքին մէջ կառուցուած համանուն եկեղեցւոյ, իր անուանակոչութեան մեկնարկը կատարեց տօնը կանխող շաբթուան ընթացքին` 5-9 մարտ 2018-ին կատարելով հսկումի արարողութիւններ` հաւատացեալները հոգեպէս պատրաստելով Սրբոց Քառասնից Մանկանց տօնախմբութեան: Շաբաթ, 10 մարտի առաւօտուն մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ, որուն աւարտին եկեղեցւոյ հովիւ Շնորհք քհնյ. Տէր Արթինեան կատարեց աղի օրհնութիւն, եւ զենուեցան մատաղցու արու ոչխարները: Ապա ընթացք առաւ մատաղի պատրաստութեան աշխատանքը` Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ տիկնանց յանձնախումբին միացեալ գործակցութեամբ:

Կրպակներու Զետեղում

Նոյն օրը մատաղի պատրաստութեան զուգահեռ եկեղեցւոյ թաղին մէջ կրպակներ զետեղուեցան, ուր վաճառուեցան համադամ ուտելիքներ, յիշատակի նուէրներ: Սոյն կրպակներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ միութիւնները` Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցը, ՀՅԴ «Ռոստոմ» պատանեկան միութիւնը, ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղը, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը:

Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, Մատաղօրհնէք Եւ Սիրոյ Սեղան

Կիրակի, 11 մարտ 2018-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Արաքս թաղի մուտքին արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան: Ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ թափօրով առաջնորդուեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի: Եկեղեցւոյ Դպրաց դասի «Հրաշափառ» շարականին երգեցողութեամբ առաջնորդ սրբազանը մուտք գործեց եկեղեցի եւ մատուցեց Ս. եւ անմահ պատարագ:

Ս. պատարագի ընթացքին յաւուր պատշաճի քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան իր քարոզը սկսաւ մէջբերելով Քրիստոսի աւետարանական այն խօսքը, թէ «երբ Մարդու Որդին  կրկին աշխարհ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»: Ան նշեց, որ այսօրուան հանդիսաւոր պատարագը կը մատուցուի յիշատակելու համար 4-րդ դարու սկզբնաւորութեան պատահած նահատակութեան  դէպք մը, որուն զոհ գացին քառասուն զինուորականներ: Անոնք ծանօթ են եկեղեցւոյ կեանքին մէջ իբրեւ «քառասուն մանկունք»: Փոքր Հայքի տարբեր շրջաններէն եկող զինուորականներ էին անոնք, որոնք կը ծառայէին Սեբաստիոյ նահանգին մէջ հաստատուած կայսերական սահմանապահ գունդին մէջ: Լիկիանոս կայսրը որոշեց բանակին մէջ քննութիւն կատարել` յայտնաբերելու համար այնտեղ թափանցած քրիստոնեայ զինուորները: Քառասուն այս զինուորականները ո՛չ միայն իրենց ինքնութիւնը չեն թաքցներ, այլեւ քաջաբար իրենց հաւատքը կը պաշտպանեն հարցաքննութեան կանչող դատաւորին առջեւ: Իրենց այս կեցուածքին իբրեւ արդիւնք անոնք կը բանտարկուին եւ կը նետուին Սեբաստիոյ սառած լիճին մէջ. գիշեր մը տոկալէ ետք անոնք կը նահատակուին: Դարերէ ի վեր եկեղեցին յարգանքով անոնց յիշատակը կը նշէ, որպէսզի մենք անոնց հաւատքի կեցուածքին մէջ տեսնենք մեր կեանքի օրինակը:

Իր քարոզին երկրորդ բաժինով առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ Մեծ պահքի հինգերորդ կիրակիին, որ նուիրուած է Դատաւորի առակին` նշելով, որ այս սրբազան երկու առիթները եկեղեցին կը յիշատակէ, որպէսզի մենք անդրադառնանք, որ  ամէն նորաձեւութեան համակերպող եւ հետեւող մեր ընթացքով չակնկալենք , որ Աստուած իր օրհնութիւնը առատացնէ մեր կեանքին մէջ: Կեանքը քրիստոնեայէն կ՛ակնկալէ հաւատքի կեցուածք, ինչպէս քառասուն երիտասարդները ըրին: Երկրաւոր կեանքի ընթացքին մենք պէտք է այրի կնոջ հաւատքով պաշտպանենք մեր դատը: Հաւատքը տկարութիւն չի ճանչնար եւ Աստուծոյ վստահութեան վրայ հիմնուած կ՛ըլլայ: Հաւատքը եսակեդրոն, կրաւորական վիճակ չէ, այլ կ՛ենթադրէ նուիրում: Հաւատքը զԱստուած մեզի հետ ունենալու հաստատ արտայայտութիւն պէտք է ըլլայ: Անոնք, որոնք զԱստուած ունին իրենց կեանքին մէջ, զանազան դժուարութիւններ յաղթահարելով կը նուաճեն ամէն բարձունք: Ան յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը իր հաւատքով իր կեանքը վերահաստատեց, պայքարեցաւ օտարամուտ բոլոր բարքերուն դէմ, հաւատաց Աստուծոյ, իր ինքնութեան:

Շահէ եպս. Փանոսեան իր քարոզը եզրափակեց ըսելով, որ քառասուն զինուորականները մեզի գիտակցութեան կը հրաւիրեն, որպէսզի մենք անդրադառնանք, որ կեանքը մեզմէ հաւատքի կեցուածք կ՛ակնկալէ, որպէսզի ապրինք մարդկային յիշողութեան մէջ եւ  ժառանգորդները դառնանք երկնքի այն գանձերուն, որոնք Աստուած կը խոստանայ ընծայել իրենց կեանքը հաւատարմօրէն ապրող իր բոլոր զաւակներուն:

Ս. պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Այնուհետեւ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ` կազմակերպութեամբ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ թաղական խորհուրդի ատենապետ Գէորգ Նալպանտեան: Ան նշեց, որ ուրախութիւն է լսել, երբ եկեղեցիներ կը վերանորոգուին, որովհետեւ հաւատք կայ Աստուծոյ եւ հայ ժողովուրդի վերակենդանացման հանդէպ: Ութսունվեցամեայ կանգուն Սրբոց Քառասնից Մանկանց աղօթատեղին նորոգութեան կարիքը ունի, եւ եկեղեցաշինութիւնը աստուածային առաքինութիւն է: Անցեալին ոչինչէն գոյացաւ այս  եկեղեցին, իսկ այսօր բարերարներուն եւ ծխայիններուն օժանդակութեամբ պիտի վերանորոգուի: Իր խօսքի աւարտին Գ. Նալպանտեան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր, շրջանի պատկան մարմիններուն, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած բարերարներուն, նուիրատուներուն եւ եկեղեցւոյ մէջ գործող բոլոր միաւորներուն, որոնց  աջակցութեամբ կարելի եղաւ արժանաւորապէս նշել եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը:

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Կասիա Լեւոնեան` սրինգ, Յակոբ Գարտանաքեան` ջութակ, Մանօ Թոքմաքճեան` ասմունք, Սագօ Պէսնիլեան` երգ` ընկերակցութեամբ Զարեհ Գալանճեանի, իսկ դպրաց դասի պատանիները ներկայացուցին հայկական շուրջպար (պարուսոյց` Ռիթա Գունտաքճեան):

Սիրոյ սեղանին օրհնութեան խօսքը կատարեց առաջնորդ սրբազան հայրը: Ան յայտնեց, որ մեր եկեղեցիները մեր ամրութեան համար ժողովուրդին հաւատքով ու վաստակով հաստատուած են: Անհրաժեշտ է մեր եկեղեցիները ամրացնենք` առաւել եւս վերադարձ կատարելով դէպի հոգեւոր եւ ազգային արժէքները, որպէսզի համաշխարհայնացման այս մթնոլորտը մեզ ալ կուլ չտանի: Սփիւռքը մինչեւ այսօր տոկաց պատուաբեր կեցուածքով: Ասոր համար պէտք է բարեզարդենք մեր համայնական տուները` մեր եկեղեցիները: Ան նշեց, որ այս միջավայրը պէտք է դարձնել աւելի հիւրընկալ, որպէսզի ժողովուրդը համախմբուած մնայ եկեղեցւոյ շուրջ:

Առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց բարերարներուն` գործօն մասնակցութիւն բերելու եկեղեցւոյ բարենորոգման աշխատանքին: Իր խօսքին վերջին բաժինով սրբազանը մաղթեց, որ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին շէնշող ըլլայ, որպէսզի ամէն մարդ անդրադառնայ, որ Պուրճ Համուտի սրտին մէջ մենք ամուր միջնաբերդ մը ունինք, որ հաստատուած է ի պէտս մեր ժողովուրդին:

 

Նախորդը

Քիթի, Ականջի, Կոկորդի, Աչքի Եւ Ճնշումի Անվճար Քննութիւններ

Յաջորդը

Ֆիլիփօ Կրանտի. «Սուրիոյ Տագնապին Քաղաքական Լուծման Բացակայութեան Լոյսին Տակ, Միջազգային Ընտանիքը Պէտք Է Հիւրընկալ Երկիրներուն Նկատմամբ Իր Օժանդակութիւնները Բազմապատկէ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.